Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չեխիոյ Նախագահը Մտադիր Չէ Փոխել Դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցի Վերաբերեալ

Չեխիոյ Նախագահը Մտադիր Չէ Փոխել Դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցի Վերաբերեալ

by MassisPost

Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զէման մտադիր չէ վերանայիլ իր դիրքորոշումը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու ցեղասպանութեան հարցի վերաբերեալ, որ կը համարէ ժամանակակից շրջանի ամենավատթարագոյն դաժանութիւններէն մէկը, այսօր լրագրողներուն ըսած է Զէմանի մամլոյ քարտուղար Իրժի Օվչաչեկը:

Ան նշած է, որ «Թուրքիոյ բացասական արձագանգը նախագահին չի զարմացներ՝ այն սպասելի էր»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոշտ յայտարարութեամբ արձագանգած է Չեխիոյ խորհրդարանէն ներս Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման, ինչպէս նաեւ Չեխիոյ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդին Միլոշ Զէմանի յղած նամակին:

«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք եւ կը մերժենք Չեխիոյ խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ՝ Պատգամաւորներու խորհուրդին կողմէ  25 Ապրիլին ընդունուած բանաձեւը: Մենք նաեւ հիասթափուած ենք նախագահ Զէմանի նամակէն, որ 24  Ապրիլին յղուած է իր երկրի հայ համայնքին՝ կապուած 1915 թուականի իրադարձութիւններու հետ, որովհետեւ այն լուրջ անհամապատասխանութիւններ կը պարունակէ», – նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին մէջ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ  արտաքին գերատեսչութեան մեկնութեամբ՝ Զէման իր նամակին մէջ նշած է, որ պատմութիւնը պէտք չէ մեկնաբանուի քաղաքական գործիչներու կողմէ, այն պէտք է վերլուծեն ու մեկնաբանեն պատմաբանները, «սակայն նախագահը կը հակասէ իր սեփական խօսքերուն՝ քաղաքական գնահատականներ տալով 1915-ի իրադարձութիւններուն»:

Անգարան իր դիրքորոշումը ներկայացուցած է Թուրքիոյ մէջ Չեխիոյ դեսպանին: «Քաղաքական բնոյթի այս գործողութիւններու դէմ, որոնք բացայայտ կը հակասեն պատմական փաստերուն, ինչպէս նաեւ օրէնքի հիմնարար դրոյթներուն, մեր դիրքորոշումը փոխանցուած է Անգարայի մէջ Չեխիոյ դեսպանին», – նշուած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment