Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնը՝ Տինքի Սպանութեան Գործով Մեղադրեալ

Ֆեթհուլլահ Կիւլէնը՝ Տինքի Սպանութեան Գործով Մեղադրեալ

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ հայ լրագրող, «Ակօս» թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութեան ծիրէն ներս կազմուած մեղադրական եզրակացութեան մէջ 51 մեղադրեալներու շարքերին տեղ գտած է նաեւ Էրտողանի քաղաքական հակառակորդ, ընդդիմադիր կիւլէնական շարժման առաջնորդ եւ իսլամի յայտնի քարոզիչ Ֆեթհուլահ Կիւլէնի անունը:

Ըստ թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականի, Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան, ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու վարչութեան դատախազ Կիոքալփ Քիոթչուի կողմէ տարուող հետաքննութեան արդիւնքով կազմուած է 122 էջանի մեղադրական եզրակացութիւն, որ կը ներառէ 51 կասկածեալ, 28 ձերբակալուած եւ 8 որոնման մէջ գտնուող անձերու անուններ:

Ուշագրաւ է, որ Տինքի սպանութեան մասնակցութեան մէջ կը մեղադրուին կիւլէնական համայնքի անդամներ եւ անձամբ համայնքի ղեկավար Ֆեթհուլլահ Կիւլէնը:

Ըստ աղբիւրի՝ մեղադրեալներու շարքին են նաեւ նախկին դատախազ Զէքէրիա Օզը, փակուած «Զաման» պարբերականի խմբագիր Էքրէմ Տումնլըն, լրագրողներ Ատէմ Եաւուզ Արսլանը, Էրճան Կիւնը, նախկին գնդապետ Համզա Ճելէպօղլուն, Տրապիզոնի  ոստիկանութեան  հետախուզութեան բաժնի պետ Մեթին Եըլտըզը, Պոլսոյ  ոստիկանութեան  հետախուզութեան բաժնի աշխատակից Մուհարրէմ Տէմիրքալէն եւ այլք:

Հրանդ Տինքը սպաննուած է Պոլսոյ մէջ գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրութեան դիմաց՝ 2007 թուականի 19 Յունուարին: Անոր սպանութեան գործով դատը Թուրքիոյ ամենաաղմկայարոյց դատական գործերէն մէկն է, որ կը շարունակուի արդէն 9 տարի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment