Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապրիլ 24 Եւ «Խոստումը» Ֆիլմը

Ապրիլ 24 Եւ «Խոստումը» Ֆիլմը

by MassisPost

Այս օրերուն երբ հայութիւնը կը  պատրաստուի նշելու Մեծ Եղեռնի 102-ամեակը,  Ամերիկեան  շարժապատկերի սրահներու մէջ պիտի սկսի   Հայկական Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը»  ֆիլմի ցուցադրութիւնը:

«Խոստումը» հոլիվուտեան բարձր որակով պատրաստուած  Ցեղասպանութեան մասին առաջին ֆիլմն է, որու   վրայ ծախսուած է 100 միլիոն տոլար: Այդ գումարի մեծ մասը տրամադրուած  է յայտնի բարերար Քըրք Քըրգորեանի կողմէ` նախքան իր մահը:

«Խոստումը» ֆիլմի լայն մաշտաբով բացումը պիտի կատարուի Ապրիլ 21-ին, 2000 պաստարներու վրայ` ամբողջ Ամերիկայի տարածքին:

Ֆիլմի  աջակցութեան արշաւին միացած են հայ եւ օտար աստղեր եւ քաղաքական գործիչներ, որոնց շարքին Քարտաշեան քոյրերը, երգչուհի Շեր, երգիչ Էլթոն Ճոն, դերասան Ճորճ Գլունի, ՄԱԿ-ի մէջ Ամերիկայի նախկին ներկայացուցիչ Սամաթա Փաուըր եւ ուրիշներ: Նշանաւոր այս դէմքերը ունին միլիոնաւոր հետեւողներ` իրենց ընկերային ցանցերուն վրայ ու այդ միջոցաւ մեծապէս պիտի նպաստեն ֆիլմի տարածման ու յաջողութեան:

«Խոստումը» ֆիլմին զօրակցութիւն յայտնած է նաեւ «Մարդկային Իրաւանց Հսկիչ»  (Human Rights Watch) միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը:

Ֆիլմի  յաջողութեան գծով  մեծ դեր ունի կատարելիք նաեւ Ամերիկահայութիւնը: Ցուցադրութեան տարբեր ժամերուն, հայաշատ քաղաքներու մէջ լեցնլով սրահները,  կարելի պիտի ըլլայ ապահովել ֆիլմի երկարաձգումը` յաջորդ շաբաթներուն  եւս: Առաջին օրերուն ֆիլմի արժանացած ընդունելութիւնը`  Ամերիկացի հասարակութեան  կողմէ, պիտի գայ որոշելու անոր  հետագայ ճակատագիրը:

Ապրիլեան այս շաբաթավերջին, «Խոստումը» ֆիլմին սատարելը  մեզմէ իւրաքանչիւրի պարտականութիւնն է:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment