Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ելք» Դաշինք.- Եթէ Երեւանը Դառնայ Ընդդիմադիր Քաղաք, Կարող է Շատ Լուրջ Հետեւանքներ Բերել

«Ելք» Դաշինք.- Եթէ Երեւանը Դառնայ Ընդդիմադիր Քաղաք, Կարող է Շատ Լուրջ Հետեւանքներ Բերել

by MassisPost

«Ելք» դաշինքի անդամ Ալէն Սիմոնեան երէկ azatutyun.am-ի եթերին յայտնած է, որ քարոզարշաւը պիտի սկսին աւագանիի իրենց թեկնածուներու կողմէ Երեւանի հիմնի կատարման տեսահոլովակով:

Ան ըսած է, որ մնացած թեկնածուները դաշինքը գլխաւորող Նիկոլ Փաշինեանէն վատ կ’երգեն, սակայն  արդիական միջոցներու շնորհիւ կը կարգաւորեն այդ խնդիրները: Ալէն Սիմոնեան  յայտնած է, որ իրենց կարգախօսը պիտի ըլլայ «Երեւան ճան, ելք կայ»:

Անոր խօսքով՝ այն քաղաքացիները որոնք չեն մասնակցիր ընտրութիւններուն, հիմնական ընդդիմադիր զանգուածն է, որ կը փոշիացնէ իրենց ձայները։ Ըստ անոր՝ եթէ իրենք կարենան այդ եւ գումար բաժնելու խնդիրը լուծել, ընտրութիւններուն յաղթելը իրական կ’ըլլայ:

«Պաշտօնապէս յայտարարում եմ՝ բոլոր ընտրատեղամասերում ունենալու ենք առնուազն 2 ներկայացուցիչ՝ Երեւանի 600 ընտրատեղամասերում, գնացէք, քուէարկէք, ձեր ձայնը չի կորի»,-ըսած է ան եւ նշած, որ քաղաքացիները ձայն պիտի պահեն եւ ամէն ինչ ընեն, որ յաղթեն:

«Եթէ յառաջիկայ ընտրութիւններում Երեւանցին վաճառեց իր ձայնը, կ’ունենայ նոյն քաղաքապետին, նոյն իրավիճակը: Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնները շատ կարեւոր են այն առումով, որ Երեւանում կեդրոնացած է ընտրողների մօտ 40 տոկոսը, եւ եթէ դառնում է ընդդիմադիր քաղաք, նա վերադաս չունի, բաւականին լուրջ լիազօրութիւններ ունի, եւ դա կարող է շատ լուրջ քաղաքական հետեւանքների բերել:
Ուստի շատ կարեւոր է, առաջին՝ մասնակցութիւնը եւ երկրորդ՝ լիազօրի, թաղապետի ներկայացուցչի դէմքի առաջ դուռը փակել եւ ասել՝ «երեւանցին չի վաճառւում»: Արէ՛ք դա, մեզնից պահանջէք»,-ըսած է ան:

Իսկ հարցին, թէ Նիկոլ Փաշինեան քաղաքապետարանէն ներս պիտի մնայ, ան ըսած է, որ այդ մէկը  կ’որոշէ Նիկոլ Փաշինեանը. ամենայն հաւանականութեամբ չի մնար որպէս աւագանի, սակայն իրենք յաղթելու կ’երթան:

Անդրադառնալով «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան հետ համագործակցութեան, ան ըսած է. «Ես բացառում եմ, որ այնպիսի իրավիճակ լինի, որ, ենթադրենք, «Ելք» դաշինքը եւ «Երկիր Ծիրանին» կարողանան միասին քաղաքապետի թեկնածու առաջադրել եւ այդ համաձայնութիւնը ձեռք չբերեն: Շատ ողջունում եւ դրական եմ գնահատում Զարուհի Փոսթանճեանին եւ կարող եմ ասել, որ մեր հակառակորդը իշխանութիւնն է, եւ ոչ մի դէպքում տիկին Փոսթանճեանը չէ եւ վստահ եմ, որ համագործակցութիւն կը լինի»,-ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment