Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԱՍ Կրուփի Ժողովի Աղմկայարոյց Ձայնագրութիւնը Պիտի Ներկայացուի Սահմանադրական Դատարան

ՍԱՍ Կրուփի Ժողովի Աղմկայարոյց Ձայնագրութիւնը Պիտի Ներկայացուի Սահմանադրական Դատարան

by MassisPost

Խորհրդարանական ընտրութիւնները անվաւեր ճանչնալու պահանջով Սահմանադրական դատարան երէկ ներկայացուած դիմումին մէջ «Գոնկրէս-ՀԺԿ» դաշինքը որպէս ապացոյց պիտի ներկայացնէ նաեւ՝ ՍԱՍ Կրուփի ժողովին եղած ձայնագրութիւնը։

Մամուլը երեկուընէ խիստ քննադատութեան ենթարկած է Ազգային ժողովի հանրապետական պատգամաւոր Արտակ Սարգսեանը,  Hayastan24.com կայքին վրայ հրապարակուած ձայնագրութեան պատճառով, ուր, լրատուամիջոցի պնդմամբ, ՍԱՍ Կրուփի մէջ տեղի ունեցած նախընտրական ժողովներէն մէկուն ձայնագրութիւնն է։ Այնտեղ կը լսուի, որ մարդ մը աշխատակիցներուն կը յորդորէ աշխատիլ Արտակ Սարգսեանի համար ձայներ հաւաքել, իսկ ան որ ձայն չի բերեր, պիտի կորսնցնէ աշխատանքը։

Լիազօրութիւնները աւարտող խորհրդարանի Հայ ազգային գոնկրէս (ՀԱԿ) խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրապեանի խօսքով՝ սա նոր ապացոյց է, որ նոյնպէս ընտրութիւնները անվաւեր ճանչնալու հիմք կրնայ ըլլալ։

«Հրապարակուած ձայնագրութիւնը ցոյց է տալիս այն մեխանիզմները, թէ ինչպէս են ահաբեկել ժողովրդին, ինչպէս են մարդկանց ճնշել, ստիպել ձայներ հաւաքել։ Դա իհարկէ նոր հանգամանք չի, մենք մեր հայցում բոլոր այդ մեխանիզմները նկարագրել ենք, ուղղակի սա նոր ապացոյց է, եւ մենք բնականաբար այդ ապացոյցը կը ներկայացնենք Սահմանադրական դատարան», – ըսած է Զուրապեան։

Ան տեղեկացուցած է, որ դիմումը դատարան պիտի ներկայացնեն ուրբաթ, մինչեւ ժամը 18-ը։

Աւելի վաղ «Ազատութիւն»-ը «Գոնկրէս-ՀԺԿ» դաշինքի գրասենեակէն տեղեկացած է, որ երէկ դաշինքը պիտի դիմէր Սահմանադրական դատարան՝ բողոքարկելու 2 Ապրիլի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու օրինականութիւնը: Ընդդիմադիր ուժը դատարանէն պիտի պահանջէ անվաւեր ճանչնալ ընտրութիւնները։ Նման պահանջով դիմում «Գոնկրէս-ՀԺԿ» դաշինքը նաեւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով ներկայացուցած էր, սակայն 9 Ապրիլին այն մերժուած էր։

Խորհրդարանական ընտրութիւններու 9 մասնակից ուժերէն «Գոնկրէս-ՀԺԿ» դաշինքը միակն է, որ կը բողոքարկէ ընտրութիւններու արդիւնքներու օրինականութիւնը Սահմանադրական դատարանէն ներս։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment