Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շերը Յորդորած է Միացեալ Թագաւորութեան ու ԱՄՆ-¬ին Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Շերը Յորդորած է Միացեալ Թագաւորութեան ու ԱՄՆ-¬ին Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

Աշխարհահռչակ երգչուհի Շեր Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Շերը նշած է, որ Միացեալ Նահագներու եւ Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութիւնները չեն ճանչնար ցեղասպանութիւնը, քանի որ Հայաստան ոչինչ ունի անոնց տալու»,- կը գրէ barrheadnews.com-ը:

«Մենք փոքր ենք: Հայաստանը դէպի ծով ելք չունի: Մենք քարիւղ չունինք: Մենք անոնց տալու ոչինչ ունինք: Որքա՞ն ժամանակ պէտք է` Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար»,- «Խոստումը» ֆիլմի ցուցադրութեան ժամանակ Press Association-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Շեր:

Երգչուհին նշած է, որ հայերը ոչինչ ունին` այս երկրները հետաքրքրելու համար:

Պատասխանելով հարցումին, յոյս ունի՞, որ Տանըլտ Թրամբ կը ճանչնայ ցեղասպանութիւնը, Շեր ըսած է. «Ո՛չ»:

Նախօրէին երգչուհին Լոս Անճելոսի մէջ մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմի ցուցադրութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment