Երկիր մը, ուր բոլոր լծակները կեդրոնացած են մէկ կուսակցութեան ձեռքերուն մէջ:
Երկիր մը, ուր բանակը, ոստիկանութիւնը եւ ուժային միւս կառոյցները տասնեակ հազարներով, մէկ մարդու նման կը քուէարկեն նոյն կուսակցութեան:
Երկիր մը, ուր դատական համակարգը ենթակայ է իշխանութեան:
Երկիր մը, ուր ընտրական յանձնաժողովները կը շարժին իշխող կուսակցութեան հրահանգներով:
Երկիր մը, ուր քաղաքական փողը կեդրոնացած է մէկ կուսակցութեան մօտ:
Երկիր մը, ուր դպրոցներու տնօրէնները ստիպուած են ծնողներու անուանացանկերը կազմել ու յանձնել նոյն կուսակցութեան ընտրական գրասենեակներուն:
Երկիր մը, ուր զանգուածային լրատուամիջոցները կը սատարեն իշխող կուսակցութեան:
Երկիր մը, ուր ընտրական կաշառքը դարձած է իշխող խաւի գլխաւոր յենարանը:
Երկիր մը, ուր ժողովուրդի կէսը աղքատութեան մէջ ըլլալով, ենթակայ է իշխանութիւններուն սպասարկող թաղային հեղինակութիւններու ճնշումներուն ու անոնց առաջնորդութեամբ ու հսկողութեան տակ կ’ուղղուի քուէատուփ:
Երկիր մը, ուր անգործութիւնը համատարած է, իսկ պետական թէ անհատական հիմնարկներու մէջ աշխատողներուն կը պարտադրուի քուէարկել իշխող կուսակցութեան:
Երկիր մը, ուր այս բոլորը վերապահուած են միայն մէկ կուսակցութեան:
Երկիր մը, ուր արտագաղթը շատ-շատերու համար միակ ելքն է, ու հակառակ անոր իշխող կուսակցութիւնը կը յաջողի վերընտրուիլ աւելի քան 20 տարիներէ ի վեր:
Այս բոլորը գումարած, այդ երկրէն ներս ազատ ու արդար ընտրութիւններու մասին խօսիլը պարզապէս անհեթեթութիւն է ու ժամավաճառութիւն:
«ՄԱՍԻՍ»