Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ «Կը Յորդորենք Փարատել Մտահոգութիւնները»

ԱՄՆ «Կը Յորդորենք Փարատել Մտահոգութիւնները»

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները կը յորդորէ Հայաստանի կառավարութեան, կուսակցութիւններուն ու քաղաքացիական հասարակութեան՝  աշխատիլ միասին՝ գոյութիւն ունեցող կամ նոր իրաւակիրառ մեխանիզմներու միջոցաւ փարատելու այս մտահոգութիւնները: Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան տարածած յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«ԱՄՆ դեսպանութիւնը կը շնորհաւորէ Հայաստանի ժողովուրդը 2 Ապրիլին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու առթիւ, որուն նախորդած էր  կուսակցութիւններու ու քաղաքական դաշինքներու միջեւ ընթացող մրցակցային պայքարը, այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր լրատուամիջոցները հասանելի էին բոլոր տեսակի դիրքորոշումներու համար:

Քուէարկութեան օրը ընդհանուր առմամբ հանգիստ էր ու կանոնաւոր Հայաստանի ամբողջ տարածքին, եւ ընտրողները կրնային ազատ իրացնել իրենց ձայնի իրաւունքը: ԱՄՆ դեսպանութիւնը համամիտ է ԵԱՀԿ Մարդու իրաւունքներու ու ժողովրդավարական հաստատութիւններու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ) դիտորդական առաքելութեան նախնական գնահատման հետ, ուր նշուած է, որ ընտրութիւնները լաւ կազմակերպուած էին եւ ընդհանուր առմամբ ապահովուած էր յարգանքը հիմնարար ազատութիւններու հանդէպ՝ միաժամանակ նկատելով, որ «ընտրութիւններու վրայ հետք թողած են ընտրակաշառքներու վերաբերեալ արժանահաւատ տեղեկութիւններն» ու ընտրողներու վրայ գործադրուած ճնշումները:

Հայաստանի կառավարութեան, կուսակցութիւններուն ու քաղաքացիական հասարակութեան կը յորդորենք աշխատիլ միասին՝ գոյութիւն ունեցող կամ նոր իրաւակիրառ մեխանիզմներու միջոցաւ փարատելու այս մտահոգութիւնները:

25 տարիներու ընթացքին Միացեալ Նահանգները հետեւողականօրէն աջակցած է Հայաստանին՝ ժողովրդավարական գործընթացներու ու հաստատութիւններու զարգացման ճանապարհին: Այս ընտրութիւններուն մենք հպարտ էինք գործակցիլ Հայաստանի կառավարութեան, ընդդիմադիր կուսակցութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան, Գերմանիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ եւ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագրի հետ՝ ներդնելու ընտրողներու նոյնականացման նոր թեխնիքական համակարգը: Այս նոր սարքաւորումներու միջոցաւ 2 ապրիլին տեղամասերէն ներս հնարաւոր եղաւ ապահովել ընտրական ընթացակարգերը առանց լուրջ միջադէպերու եւ Հայաստանի ընտրական օրէնսդրութեամբ սահմանուած ուղենիշներու համաձայն:

Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ դիտարկել եւ վերլուծել միջազգային ու տեղական դիտորդներու զեկոյցները, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններու հետ կապուած բողոքներու  դատական կարգով լուծումը՝ հետընտրական շրջանին:

Այժմ, երբ ընտրութեան արդիւնքները յայտնի են, մենք կը խրախուսենք բոլոր կողմերուն՝ կառավարութեան, ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան, շարունակել իրենց ներգրաւուածութիւնը խաղաղ բանավէճերուն ու քննարկումներուն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment