Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քաղաքագէտ. «Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» Դաշինքի Հնարաւորութիւնները Աւելի Քիչ են, Քան «Հայկական Վերածնունդ»-ինը

Քաղաքագէտ. «Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» Դաշինքի Հնարաւորութիւնները Աւելի Քիչ են, Քան «Հայկական Վերածնունդ»-ինը

by MassisPost

«Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքի եւ «Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութեան Ազգային ժողով անցնելու հնարաւորութիւնները աւելի քիչ են, քան «Հայկական վերածնունդ»-ի կամ «Գոնկրէս-ՀԺԿ» դաշինքի հնարաւորութիւնները։ Այս մասին 30 մարտին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Կովկաս հիմնարկի փոխտնօրէն, քաղաքագէտ Սերկէյ Մինասեանը։

Պատասխանելով NEWS.am-ի թղթակիցի այն հարցին, թէ ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերէն որոնք խորհրդարան անցնելու հնարաւորութիւն ունեն ՝ ան նշած է, որ առնուազն 3 քաղաքական ուժեր՝ ՀՀԿ-ն, «Ծառուկեան» ու «Ելք» դաշինքները ամէն պարագային կը յայտնուին Ազգային ժողով

«Տուեալ պահին ինձ համար գլխաւոր ինթրիկն այն է, թէ քանի ձայն կը հաւաքի «Ծառուկեան» դաշինքը, քանի որ կախուած այն բանից՝ արդեօք նա 20-25 տոկոս կը հաւաքի, այլ իրադրութիւն կը լինի, իսկ եթէ շատ՝ բոլորովին այլ»,- նշած է Միանսեանը։

Ըստ քաղաքագէտի՝ «Ելք» դաշինքը յաջողած է է ոչ միայն ընդդիմութիւն-իշխանութիւն խաղալ, այլեւ նոր ընդդիմութիւն ստեղծել, որ երիտասարդ ուժ կը ներկայացնէ, փոփոխութիւններու խորհրդանիշ։

«Խորհրդարանում միւս իշխանութիւնների ներկայութիւնը կախուած է նրանից, թէ քանի ձայն կը հաւաքի «Ծառուկեան» դաշինքը։ Կարծում եմ, որ «Գոնկրէս-ՀԺԿ» դաշինքի համար բարդ կը լինի հաւաքել անհրաժեշտ ձայների քանակը, քան ՀՅԴ-ն եւ նոյնիսկ «Հայկական վերածնունդ» կուսակցութիւնը», – ընդգծած է Սերկէյ Մինասեան։

Համաձայն քաղաքագէտին՝ Հայաստանի կոմկուսը հաստատ խորհրդարան չանցնիր։ ««Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքի եւ «Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութեան հնարաւորութիւններն աւելի քիչ են, քան «Հայկական վերածնունդ» կուսակցութեանը կամ «Գոնկրէս-ՀԺԿ» դաշինքինը»,-աւելցուցած է փորձագէտը։

Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Ապրիլ 2-ին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment