Ընտրական օրէնսգիրքի քարոզչքութեան վերաբերեալ դրոյթներուն մէջ յստակ թերմին չկայ, որ ցուցակագրումը արգիլուած է, բայց կան քարոզչութեան կանոններ եւ որոշակի սահմանափակումներ ու արգելքներ, որոնք նախատեսուած են քարոզչութիւն իրականացնող անձանց համար: Այս մասին այսօր՝ 27 Մարտին, լրագրողներու հետ հանդիպման ըսած է «Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլ» հակակոռուպցիոն կեդրոնի իրաւախորհրդատու Հերիքնազ Տիգրանեանը՝ անդրադառնալով դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու տնօրէններու կողմէ ընտրողներու ցուցակագրման փաստին:
«Տեղի է ունեցել խախտում՝ ընտրողների ազատ կամքի վրայ ազդեցութեան տեսնակիւնից, սակայն խնդիրը բարդանում է այնքանով, որ «Ընտրական օրէնսգրքի» քարոզչութեան վերաբերեալ դրոյթներում յստակ թերմին չկայ, որ ցուցակագրումն արգելւում է: Միեւնոյն ժամանակ թէպէտ մանկավարժները քարոզչութեան համար արգելուած սուպիյէկտ չեն, բայց իրենց լիազօրութիւնն իրականացնելիս նրանք չեն կարող զբաղուել քարոզչութեամբ: Կարող են ասել, որ քարոզչութիւն չեն իրականացրել, այլ, ինչպէս ՀՀԿ-ն է ասում՝ մոպիլիզացրել են իրենց ընտրազանգուածին: Բայց կայ քրէական պատասխանատուութիւն ընտրողի կամքի վրայ ազդելու համար», – ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ մանկավարժները, ունենալով ծնողական համայնքի հետ որոշակի յարաբերութիւններ, արդէն իսկ իրենց դիրքով կրնան ազդել ընտրողի ազատ կամքին վրայ:
«Ես այստեղ գտնում եմ քրէօրէն պատժելի արարքի յատկանիշներ», – ըսած է ան ՝ աւելցնելով, որ օրէնսդրութեան մէջ յստակութիւն չկայ, թէ ինչ պատիժ կը հասնի քարոզչութեան ընթացքին խախտումներու համար:
Նշենք, որ հրապարակուած փաստերու հիման վրայ «Ելք» դաշինքը արդէն դիմում ներկայացուցած է ԿԸՀ՝ իշխող ՀՀԿ-ի քարոզարշաւի կասեցման համար: Կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանը, մեկնաբանելով այդ դիմումը, նշած է, որ ՀՀԿ-ի մասնակցութիւնը այս ընտրութիւններուն չեղեալ համարելու համար որեւէ հիմք չկայ:
Այս յայտարարութիւնը Հերիքնազ Տիգրանեանը որակած է որպէս ԿԸՀ-ի՝ ազատ դիրքորոշման արտայայտման կանխում եւ դատարան դիմելու իրաւունքի կաշկանդում: «Պէտք չէր շտապել, դրա համար կան իրաւասու մարմիններ: Չտրուեց հնարաւորութիւն, որ իրաւասու մարմինները տան այդ գնահատականը: Դաւիթ Յարութիւնեանի՝ ժամանակից առաջ ընկնելն ուղղակի ցուցում էր ԿԸՀ-ին եւ դատարանին», – ըսած է Տիգրանեան: