Յունաստանի մէջ ՍԴՀԿ վարիչ մարմնի ատենապետ Յովհաննէս Շահինեան, եւ ատենադպիր Մհեր Քոսակեան, պաշտօնական հանդիպում ունեցած են Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանի` Ֆատէյ Չարչողլեանի հետ` ողջունելով անոր նոր նշանակումը, եւ յաջողութիւններ մաղթելով:
Պարոն Ֆատէյ Չարչողլեան մինչ Յունաստանի մէջ դեսպանի պաշտօնը ստանձնելը եղած է ՀՀ դեսպան Քուէյթի եւ Օմանի մէջ, ուր անխոնջ աշխատանքներ կատարած է, բարելաւած երկիրներու փոխյարաբերութիւնները եւ նպաստած ՀՀ ներդրումային գործարքներուն: ԱՆ քաջ տեղեակ է հայ համայնքը յուզող խնդիրներուն եւ այդ առումով վստահեցուցած է, որ բացթողումները անպայման կը վերանան:
Ատենապետ Յովհաննէս Շահինեան իր համոզմունքը յայտնած է դեսպանին, որ պիտի շարունակուի եւ ամրապնդուի կուսակցութեան եւ դեսպանատան համագործակցութիւնը հայ համայնքին վերաբերող նոյնանման գաղափարական աշխատանքներու ծիրէն ներս: Պարոն Չարչողլեան աւելի քան նշանակալից համարած է այդ յայտը եւ երաշխաւորած սերտ աշխատանքներ կատարելու իր ցանկութիւնը` թէ՛ Յունաստանի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ առկայ խնդիրներուն ծրագրաւորուած լուծում տալու համար:
Ատենադպիր Մհեր Քոսակեան իր խիստ անհանգստութիւնը արտայայտած է ՀՀ-ի մէջ տիրող իրավիճակի եւ ժողովուրդի կարգավիճակի մասին` կարեւորելով զինուորներու անվտանգութեան եւ սահմնաններու ամբողջականութեան պահպանման հարցը: Պարոն դեսպանը կիսած է այդ անհանգստութիւնը եւ խօսած խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաջորդող ակնկալիք բարեփոխումներուն մասին:
Նաեւ նշուեց, որ այս տարի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան պատմական կուսակցութեան 130-ամեակի կապակցութեամբ պիտի կազմակերպուին միջոցառումներ եւ դասախօսութիւններ, որոնց անպայման կը հրաւիրուի եւ ներկայ կը գտնուի պարոն դեսպանը իր աշխատակազմի հետ միասին: