Պաշտօնական Պերլինի համար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարեւոր են, սակայն, վերջին օրերուն Անգարայէն հնչող յայտարարութիւնները այն մասին, թէ ժամանակակից Գերմանիոյ քաղաքականութիւնը ոչնչով կը տարբերի նացիստական իշխանութիւններու քաղաքականութենէն, անընդունելի են:
Ելոյթ ունենալով գերմանական խորհրդարանի ստորին պալատի` «Պունտէսթակ»-ի անդամներու առջեւ, այսօր նման յայտարարութիւն ըրած է Գերմանիոյ դաշնային վարչապետ Անկելա Մերքէլ: «Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան նացիոնալ-սոցիալիզմի դարաշրջանին բնորոշ գործելաոճ որդեգրելու մասին յայտարարութիւնները որեւէ արդարացում չունին:
Անոնք չեն արդարացուիր անգամ կառավարման նախագահական համակարգի օգտին իրականացուող այն քարոզարշաւին, որ ծաւալուած է Թուրքիոյ մէջ: Ես կոչ կ’ընեմ թուրք քաղաքական գործիչներուն՝ զերծ մնալ նման յայտարարութիւններէն, քանի որ անոնք վայել չեն քաղաքական, հասարակական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու այն մակարդակին, որ գոյութիւն ունի Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ: Այս յայտարարութիւնները վշտացնող են ու ընկճող, անոնք նուաստացուցիչ են Հոլոքոսթի զոհերու համար եւ, ըստ իս, լուրջ մեկնաբանութեան անգամ արժանի չեն», – յայտարարած է Մերքէլ:
Պերլինի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն մէջ հերթական ճգնաժամը ծագած է այն բանէն ետք, երբ Գերմանիոյ իշխանութիւնները արգիլած են թուրք պաշտօնեաներուն՝ հանդիպում ունենալ ԳԴՀ-ի մէջ բնակող թրքական համայնքի ներկայացուցիչներու հետ՝ 16 ապրիլին կայանալիք սահմանադրական հանրաքուէի քարոզչութեան ծիրէն ներս:
Անցած կիրակի Պոլսոյ մէջ, անդրադառնալով գերմանական իշխանութիւններու գործողութիւններուն, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած էր․ «Գերմանիա, դուն որեւէ առնչութիւն չունիս ժողովրդավարութեան հետ: Քու բոլոր գործողութիւնները ոչինչով կը տարբերին նացիստական շրջանի քաղաքականութենէն»:
Թուրք պաշտօնեաներու հնչեցուցած այս կոշտ յայտարարութիւններու ֆոնին տակ, սակայն, Գերմանիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն ընդգծել` Թուրքիոյ հետ կապերու վերջնական խզումը կը հակասէ երկրի եւ ողջ Եւրոպայի շահերուն: «Դեռ երբեք մեր հակասութիւնները այսքան զգալի չեն եղած: Միւս կողմէ, սակայն, Եւրոպան եւ Թուրքիան ընդհանուր լուրջ շահեր ունին: Մեր տեսանկիւնէն արժէ ամէն ինչ ընել՝ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար: Այդ մէկը սակայն, պէտք է ըլլայ մեր դաւանած արժէքներուն հիման վրայ եւ մեր յստակ ակնկալիքներով»,- նաեւ յայտարարած է Անկելա Մերքէլը՝ իր ելոյթին մէջ:
Մերքէլի այս խօսքին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն առաջին արձագանգը, մինչդեռ, առանձնապէս չէ տարբերուած շաբաթասկիզբին հնչեցուցած յայտարարութիւններէն: Մերքէլի ճառէն քանի մը ժամ անց Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը փոքր-ինչ քօղարկուած ձեւով կրկնած է Էրտողանի վիճայարոյց յայտարարութիւնը: «Մենք գերմանական կառավարութեան որպէս նացիստական չէինք որակած: Մենք պարզապէս նկատած էինք, որ անոնց գործողութիւնները կը յիշեցնեն նացիզմի դարաշրջանը»,- յայտարարած է Մեւլութ Չաւուշօղլուն: