Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրք-Գերմանական Վէճը Օրըստօրէ կը Սրուի

Թուրք-Գերմանական Վէճը Օրըստօրէ կը Սրուի

by MassisPost

Ապրիլեան սահմանադրական հանրաքուէին պատրաստուող Թուրքիոյ «Արդարութիւն եւ զարգացում» իշխող կուսակցութիւնը կը փորձէ աջակցութիւն ապահովել նաեւ արտասահման բնակող հարիւր հազարաւոր թուրքերէն:
Գերմանիոյ մէջ, սակայն, իշխանութիւնները չեն արտօնած թուրք պաշտօնեաներու հանդիպումը Համպուրկի համայնքին հետ, ինչին ի պատասխան, նախագահ Էրտողան վարչապետ Անկելա Մէրքէլի կառավարութեան մեղադրած է «նացիստական» գործելակերպի մէջ: Այդ վիրաւորական համեմատութիւնը աւելի շիկացուցած է երկկողմ յարաբերութիւնները:

«Ես պիտի երթամ, ոչ մէկը չի կրնար ճանապարհս փակել»,- յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն: Համպուրկի քաղաքապետարանի խօսնակը յայտարարած է, որ հանդիպումը չեղեալ պիտի նկատուի, քանի որ ընտրուած սրահի հրդեհային պաշտպանութեան համակարգը անհրաժեշտ պահանջներուն չի համապատասխաներ:

Նախագահ Էրտողանի առաջնորդած «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան անհրաժեշտ են Գերմանիա բնակող Թուրքիոյ քաղաքացիներու ձայները: Ընդհանուր հաշուով՝ Գերմանիոյ մէջ կ’ապրի թրքական ծագում ունեցող 3-էն 4 միլիոն մարդ, որոնցմէ Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ունեցողները կը կազմեն մօտ 1,5 միլիոն:

Գերմանական քաղաքներուն մէջ նախընտրական հանդիպումները չեղարկելու որոշումները զայրացուցած են նաեւ թուրք ընդդիմադիրներուն, քանի որ անոնք ալ կ’ուզեն հանդիպիլ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ քուէներ կորզել: «Ես կը կարծէի, թէ նացիստական ժամանակաշրջանը Գերմանիոյ մէջ աւարտած է, բայց ոչ, հիմա կը տեսնեմ, որ այն կը շարունակուի»,- չեղարկման առնչութեամբ, ըսած էր Թուրքիոյ նախագահը:

Գերմանիոյ կառավարութեան խօսնակ Շթեֆան Զայպերթ քննադատած է Էրտողանի նշեալ մեկնաբանութիւնները, նշելով․ «Դաշնային կառավարութիւնը շահագրգռուած է Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններով: Մենք ունինք լաւ տնտեսական կապեր, մենք ՆԱԹՕ-ի անդամ ենք, այդօրինակ համեմատութիւնները անհեթեթ են եւ անտեղի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment