Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փարիզի մէջ ՍԴՀԿ ՆԱԶԱՐԲԷԿ Երիտասարդական Միութիւնը Ցոյց Կազմակերպած է Ատրպէյճանի Հակահայկական Քարոզչութեան Դէմ

Փարիզի մէջ ՍԴՀԿ ՆԱԶԱՐԲԷԿ Երիտասարդական Միութիւնը Ցոյց Կազմակերպած է Ատրպէյճանի Հակահայկական Քարոզչութեան Դէմ

by MassisPost

ՍԴՀԿ Նազարբէկ Երիտասարդական միութիւնը ցոյց կազմակերպած է Փարիզի մէջ Ատրպէյճանի հակահայկական քարոզչութեան դէմ: Միութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է.

Կիրակի, 26 Փետրուար 2017-ին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի կ’ունենայ նուագահանդէս մը նուիրուած ատրպէյճանական հակահայ փրոփականտին:

ՍԴՀԿ ՆԱԶԱՐԲԷԿ Երիտասարդական Միութիւնը զօրաշարժի կոչ հրապարակեց ու իր շուրջ հաւաքելով տարբեր երիտասարդական միութիւններ միասնական ճակատ մը կազմելով հակադրուեցան Ատրպէյճանի մենատիրական համակարգի ստախօսութեան փորձերուն:

Nazarbek-1

Մենք հոն ներկայ էինք բողոքելու համար այս ձեռնարկին դէմ որ կը միտէր պղծելու հայու հռչակը, պատրուակներ փնտռելու համար ապագային կայանալիք Արցախի դէմ յարձակումները արդարացնելու համար:

Քարիւղի գինին արձանագրած անկումը, պատճառ դարձաւ դանդաղեցնելու Ատրպէյճանի տնտեսութիւնը եւ բարձրացնելու անգործներու թիւնը: Այս ընկերային եւ տնտեսական հարցերէն խուսափելու համար Ատրպէյճանի մենատէրը կը պարզէ պատերազմի վախը:

Արդարացնելու համար այս պատերազմական վիճակը, ան պէտք ունի թշնամիի մը: Այս նուագահանդէսը, որուն նպատակն է հայերը ներկայացնել որպէս մարդասպաններ, կ’օգտագործուի’ հանրային կարծիքը պղտորելու համար յարձակումի մը ժամանակ:

Մենք, ՍԴՀԿ ՆԱԶԱՐԲԷԿի երիտասարդներս, պիտի շարունակենք պայքարիլ մենատէր, ցեղապաշտ եւ ֆաշիստական Ատրպէյճանին դէմ: Բնաւ պիտի չընդունինք որ արիւնարբու Ատրպէյճանը որ 1990-ին, 500000 հայեր ջարդեց ու տեղահանեց Սումկայիթեան եւ Պաքուի բոկրոմներու ընթացքին՝ յաջողի ազատօրէն գալ Ֆրանսա եւ կատարէ իր ցեղապաշտ փրոփականտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment