Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախին Նուիրուած Գիրքի Շնորհահանդէս Ֆրանսայի Խորհրդարանէն Ներս

Արցախին Նուիրուած Գիրքի Շնորհահանդէս Ֆրանսայի Խորհրդարանէն Ներս

by MassisPost

22 Փետրուարին Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներս Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Արցախի պատմութեան նուիրուած «15 հարց, 15 պատասխան, ամէն ինչ իմանալ ԼՂՀ մասին 10 վայրկեանի մէջ» ֆրանսալեզու գիրքի շնորհահանդէսը։

Գիրքի նպատակն է Արցախի մասին ճշգրիտ տեղեկատուութիւն տարածել ֆրանսախօս հասարակութեան շրջանակէն ներս։ Միջոցառման ընթացքին  անդրադարձ կատարուած է 29 տարի առաջ Արցախի մէջ սկսած ազգային-ազատագրական պայքարի պատմութեան, ինչպէս նաեւ յարգանքի տուրք մատուցուած է ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ կազմակերպուած հայերու ջարդերու զոհերուն եւ 19 Փետրուար 2004-ին ատրպէյճանցի սպայ  Ռ. Սաֆարովի կողմէ կացինահարուած Գուրգէն Մարգարեանին:

Շնորհահանդէսին ներկայ գտնուող Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուան իր ելոյթին մէջ ողջունած է Արցախի մէջ   նոր Սահմանադրութեան նախագիծի վերաբերեալ հանրաքուէի իրականացումը եւ յայտարարած շրջանակի անուանափոխման մասին՝ այն վերանուանելով Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակ:

Միջոցառման մասնակցած էին նաեւ Ֆրանսայի խորհրդարանի  շարք մը պատգամաւորներ, սենաթորներ, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիթէչեանը, Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը, քաղաքապետներ եւ ԶԼՄ ներկայացուցիչներ։

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment