Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընդդիմադիրները Չեն Հաւատար Սերժ Սարգսեանի Խօսքերուն

Ընդդիմադիրները Չեն Հաւատար Սերժ Սարգսեանի Խօսքերուն

by MassisPost

Հայաստանեան Ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները հաւատք չեն ընծայեր նախագահ Սերժ Սարգսեանի հնչեցուցած այն խօսքերուն, թէ Հանրապետական Կուսակցութեան նախընտրական ցուցակը գլխաւորող Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան բանակի մէջ քարոզչութեամբ պիտի չզբաղուի:

«Հայ Ազգային Գոնկրէսի» փոխնախագահ, «Գոնկրէս-ՀԺԿ» դաշինքի թեկնածու Արամ Մանուկեան յայտնեց, որ առանց զինուորականներու իշխող կուսակցութիւնը չի կրնար ձայներ ապահել: «Ժողովրդի մէջ Հանրապետականը այսօր բացի բացասական զգացմունքներից, ոչինչ չի առաջացնում եւ իրենց ռեսուրսը, որն արդէն սկսել են կիրառել, վարչականն է, կաշառքն է, բանակն է»,- լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է Արամ Մանուկեան:

Աւելին, ան համոզուած է, որ այս ընտրութիւններուն աւելի մեծ թափով գործի պիտի դրուի վարչական միջոցները՝ որոնց շարքին նաեւ բանակը, քանի որ առաջին անգամ պիտի հրապարակուին ստորագրուած մատեանները, եւ բազմակի, կեղծ քուէարկութիւններու թիւը շեշտակի պիտի նուազի: Ընդդիմադիրներու հաշուարկներով, իշխանութիւնները մօտ կէս միլիոն պահուստային ձայն կը կորսնցնեն:

«Ժառանգութեան» փոխնախագահ, «Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքի ցուցակի երկրորդ հորիզոնականը զբաղեցնող Արմէն Մարտիրոսեանին եւս չէ զարմացուցած Սերժ Սարգսեանի յիշեալ յայտարարութիւնը: Վերջին 20 տարիներուն բոլոր ընտրութիւններէն առաջ ալ իշխանութիւնը վստահեցուցած է, որ զինուորներուն, պետական աշխատողներուն պիտի չպարտադրեն՝ իրենց ձայն տալ, կաշառք պիտի չբաժանեն, յիշեցուց Մարտիրոսեանը:

«Թող ասեն: Խօսք ա էլի, ասում են: Ինչի՞ն հաւատամ, երբ Սերժ Սարգսեանի առաջին հրապարակային, այսպէս ասեմ՝ ուղերձը եղել է անհասկացողութեան պատը քանդելու մասին, 2008 թուականին: Մինչդեռ, դրա փոխարէն ոչ թէ անհասկացողութեան պատը քանդուեց, այլ աւելի ամրակուռ դարձաւ, պեթոնապատուեց, եւ մինչեւ հիմա ոչինչ չի փոխուել»,- ըսած է Արմէն Մարտիրոսեանը:

Բանակի հարցերով զբաղուող իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունց, իր կարգին, վստահ է, որ գլխաւորելով ցուցակը, Վիգէն Սարգսեան ամէն ինչ պիտի ընէ, որ Հանրապետականէն բացի, զինուորները այլ ուժի ձայն չտան: «Բնականաբար, բոլոր մնացած կուսակցութիւնների օգտին քուէարկելու փրոցէսն է կանխելու: Ուղղորդելու է նաեւ ամբողջ Զինուած ուժերին՝ քուէարկելու Հանրապետական կուսակցութեան օգտին»,- ըսած է իրաւապաշտպանը:

Սաքունցը նաեւ յիշեցուցած է՝ զինուորներու ընտրական ցուցակներն ու քուէարկութեան տեղամասերը գաղտնի են: «Այսինքն, մենք՝ դիտորդներս կամ հանրութիւնը չի իմանալու, թէ քանի հոգի եւ որ տեղամասում քուէարկեցին: Իմանալու են միայն իրենք, միաժամանակ, իմանալով նաեւ, թէ ինչպէս են քուէարկել: Իսկ եթէ քուէարկութեան արդիւնքները չբաւարարի իրենց, ապա կարող են պատասխանատուութեան ենթարկել ամբողջ զօրամասը, յայտնաբերելու եւ պատժելու համար այդ անհնազանդներին»,- ըսած է Արթուր Սաքունցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment