Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հետ Կապուած Հանդիպման Կիրքերը Թէժացած են․ Ոստիկաններ Կանչուած են

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հետ Կապուած Հանդիպման Կիրքերը Թէժացած են․ Ոստիկաններ Կանչուած են

by MassisPost

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի առաջնորդ եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանի հրաժարականէն ետք ստեղծուած ճգնաժամը լուծելու համար Պոլսոյ մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներն ու հոգեւորականները երկու տարբեր հանդիպումներ ունեցած են։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս»-ը, հայկական հիմնադրամներու առաջնորդներէն, ազդեցիկ հայերէն, որոնց մէջ եղած է նաեւ հայ կին պատգամաւոր Սելինա Տողանը, հաւաքուած են Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահներէն մէկուն մէջ, իսկ միեւնոյն ժամանակ գաղտնի հանդիպում ունեցած են Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն, Մելքոն Քարաքոսէն, Վազգէն Բարընը, փոխպատրիարք Արք․ Արամ Աթէշեանն ու եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը։

Այս վերջին խումբը հանդիպման աւարտին արձանագրութիւն ստորագրած էր, ուր նշուած էր, որ եպիսկոպոս Մաշալեանն ու արքեպիսկոպոս Աթէշեանը համաձայնութեան եկած են ու պատրիարքի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 28 մայիսին, իսկ մինչ այդ փոխպատրիարքի պաշտօնին վրայ պիտի շարունակէ մնալ Արք․ Արամ Աթէշեանը։

Այս հանդիպումն ու հանդիպման արձանագրութիւնը խիստ վրդովմունք պատճառած  են դուրսը հաւաքուած հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն։ Կիրքերը այնքան  թեժացած են, որ հրմշտոց ու վիրաւորանքներ սկսած է, որու պատճառով ոստիկաններ դէպքի վայր կանչուած են։

Հայ համայնքի աշխոյժ ներկայացուցիչներէն Թորոս Ալճանը յայտարարած է, թէ չի ճանչնար ընդունուած արձանագրութիւնը, քանի որ ան հրէշաւոր քայլ է, իրաւական առումով՝ անթոյլատրելի։

Հայ կին պատգամաւոր Սելինա Տողանը եւս բողոքած է ընդունուած արձանագրութենէն՝ յայտնելով, թէ ան երկու կողմի միջեւ հաշտութեան պայմանագիր է, սակայն խնդիրի հիմնարար լուծում չէ եւ այդպիսով Աթէշեան պիտի շարունակէ ղեկավարել պատրիարքարանը։

Պոլսահայ հիմնադրամներու համերաշխութեան միութեան փոխնախագահ Յարութիւն Շանլըն ալ շեշտած է, որ եթէ չունին պատրիարք, ուրեմն չի կրնար փոխպատրիարք ըլլալ եւ Աթէշեանը պարտաւոր է անմիջապէս հրաժարական տալ։ Ան արձանագրութիւնը անուանած է Արք․ Աթէշեանին փրկելու գործողութիւն։

Նշենք, որ արձանագրութեան մէջ յիշատակուած է, որ 17 Փետրուարին տեղի պիտի ունենայ տեղապահի ընտրութիւն, իսկ 18 Փետրուարին տեղապահի հրաւէրով հոգեւոր խորհուրդի անդամներէն ու համայնքի անդամներէն  15 հոգինոց ընտրական յանձնաժողով պիտի ընտրուի։

«20 Փետրուարին տեղապահն ու յանձնաժողովը պատրիարքի ընտրութեան հետ կապուած նամակ պիտի գրեն ու յանձնեն նահանգապետարան։ Մինչ ընտրութիւնները Արք․ Արամ սրբազանը պիտի շարունակէ մնալ փոխպատրիարք։  Ընտրութեան օրը ենթադրաբար պիտի ըլլայ 28 Մայիսը»- նշուած է արձանագրութեան մէջ, որու տակ ստորագրած են պոլսահայ համայնքի ազդեցիկ ներկայացուցիչները։

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ եպիսկոպոս Մաշալեան հրաժարական յայտնելու մասին գրաւոր յայտարարութիւն տարածած էր՝ շեշտելով, որ այդ քայլին դիմած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ Արք․ Արամ Աթէշեանի պահուածքի պատճառով, քանի որ վերջինս ամէն կերպ կը խոչընդոտէ պատրիարքի ընտրութիւններ իրականացնելը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment