Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Արժանթինցի Պատգամաւորը Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծ Ներկայացուցած է

Արժանթինցի Պատգամաւորը Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծ Ներկայացուցած է

by MassisPost

Արժանթինի խորհրդարանի պատգամաւոր Նիլտա Կարէն օրինագիծ ներկայացուցած է ցեղասպանութիւններու ժխտման քրէականացման մասին, որ կը ներառէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը: Խորհրդարանականը այս մասին յայտարարած է Prensa Armenia-ի հետ հարցազրոյցին:

Օրինագիծը, որ հիմնուած է եւրոպական շարք մը երկիրներու օրէնսդրութեան վրայ, նախատեսած է Քրէական օրէնսգրքի մէջ  քրէական պատիժ սահմանել անոնց համար, որոնք «հրապարակաւ կը ժխտեն, կը նուազեցնեն, կ’արդարացնեն կամ ձեւով մը հաւանութիւն կու տան ցեղասպանութեան կամ մարդկութեան նկատմամբ կատարուած յանցագործութիւններուն»: Օրինագիծին մէջ այդ մէկը համադրելի է խօսքի ազատութեան եւ արդարացուած է՝ երբ կը պաշտպանէ մարդու իրաւունքները, հասարակական կարգը եւ ազգային անվտանգութիւնը:

Պատասխանելով Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի Արժանթին կատարած այցին առնչուող հարցին՝ պատգամաւորը նշած է. «Ես չեմ գիտէր, թէ Թուրքիա ինչպէս կ’արձագանգէր: Ես մէկ բան գիտեմ, որ Արժանթին ինքնիշխան պետութիւն է, իսկ Ազգային գոնկրեսը կը ներկայացնէ այդ պետութեան լիազօրութիւնները»:

Նախապէս Կարէն զբաղեցուցած է պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան նախարարի պաշտօնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment