Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան 2 Օդանաւ Մարդասիրական Օժանդակութիւններ Առաքած է Սուրիա

Հայաստան 2 Օդանաւ Մարդասիրական Օժանդակութիւններ Առաքած է Սուրիա

by MassisPost

Հայաստան երկու օդանաւ մարդասիրական օժանդակութիւններ ուղարկած է Սուրիա, որոնք յառաջիկայ ժամերուն պիտի հասնին Սուրիա: «Արեւելք»ին այս մասին հաղորդող աղբիւրը կը նշէ, որ երկու օդանաւեր Սուրիա պիտի հասցնեն քառասուն թոնի հասնող մարդասիրական օգնութիւններ ներառեալ, ուտելիք, հագուստ, առաջին օգնութեան իրեր:

Կը նշուի նաեւ, որ ինչպէս առաջին օժանդակութեան ընթացքին այս անգամ ալ մարդասիրական օգնութիւնները պիտի տրամադրուին ոչ միայն հայ այլ նաեւ տեղացի ժողովուրդին:

Նշենք, որ անցնող Հոկտեմբերին ՀՀ նախագահի բարձր կարգադրութեամբ նման օժանդակութիւն տարուած էր Սուրիա: Լաթաքիոյ մերձ գտնուող ռուսական զինուորական խարիսխին մէջ վայրէջք կատարելով օժանդակութիւնները բաշխուած էին Քեսապի, Դամասկոսի, ինչպէս նաեւ Լաթաքիոյ եւ Հալէպի հայաշատ շրջաններուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment