Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայամետ Գոնկրեսականները Թրամփին Յորդորած են Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հայամետ Գոնկրեսականները Թրամփին Յորդորած են Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

ԱՄՆ Գոնկրեսի հայկական հարցերով զբաղող յանձնախումբը նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփին յորդորած է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ մերժել Թուրքիոյ լռեցման քաղաքականութիւնը:

«Որեւէ կասկած չկայ, որ մօտ մէկուկէս միլիոն հայ սպանուած է 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ժամանակ: Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան՝ Հենրի Մորկենթաու, արձանագրած է այդ ցեղասպանութիւնը ու զգալի միջոցներ հանգանակած՝ տուժած հայերուն օգնելու համար»,- յայտարարած են դեմոկրատներ Ֆրենք Փալոն, Ճէքի Սփիյեր, Ադամ Շիֆ եւ հանրապետականներ Տէյւիտ Թրոթ, Տէյւիտ Վալատօ եւ Կուս Պիրիլաքիս: Ապրիլ 24-ին ընդառաջ՝ հայամետ գոնկրեսականներ դիմած են նաեւ իրենց գործընկերներուն՝ յորդորելով միանալ նախաձեռնութեան ու կոչ ընել Սպիտակ տան ղեկավարին՝ այս տարի շիտակ եւ ճշգրիտ կերպով կոչել 1915 թուականի իրադարձութիւնները:

«Ցեղասպանութիւնը ճանչնալով՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահը յարգանքի տուրք կը մատուցէ ոչ միայն զոհերու յիշատակին, այլեւ վերապրողներու հաստատակամութեանն ու հայկական արմատներ ունեցող բազմաթիւ ամերիկացիներուն, որոնք մինչ օրս կը հզօրացնեն մեր երկիրը»,- գրած են ամերիկացի գոնկրեսականները: Նախագահ Թրամփին ուղղուած նամակին մէջ անոնք նաեւ նշած են՝ ճանաչումը կը հաստատէ ամերիկեան վարչակազմի, այդ կարգին՝ կառավարութեան ու օրէնսդիր մարմնի կողմէ նախապէս եղած քայլերը:

«Օսմանեան կայսրութեան զանգուածային ջարդերէն հայերուն, ասորիներուն, յոյներուն ու հետապնդման ենթարկուած միւս փոքրամասնութիւններուն օգնելու համար Ուաշինկթըն պատմական մակարդակի օգնութիւն տրամադրած է, Գոնկրեսի հովանաւորութեամբ գործող մերձաւորարեւելեան կոմիտէն այն տարիներուն 116 միլիոն տոլար հանգանակած է, որ հաւասարազօր է այսօրուան երկուսուկէս միլիառին: Ամերիկեան ժողովուրդի առատաձեռնութիւնը փրկեց անհամար կեանքեր եւ օգնեց հայկական մշակոյթի պահպանման»,- նախագահ Թրամփին ուղղուած նամակին մէջ ընդգծած են հայամետ գոնկրեսականները:

Աւելի շուտ անոնք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով դիմած էին Միացեալ Նահանգներու նոր պետքարտուղարին՝ պարզելու համար նոր վարչակազմի դիրքորոշումը ամերկահայերու համար զգայուն այս հարցերու շուրջ: «Միացեալ Նահանգներու շահերէն կը բխի երկու երկիրներու միջեւ խաղաղ ու կայուն յարաբերութիւններու ապահովումը»,- ըսած էր պետքարտուղար Ռէքս Թիլերսոն՝ խոստանալով աջակցիլ պատմական դէպքերու լիակատար ընդունման ու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բաց երկխօսութեան:

Պետբաժանմունքի նոր ղեկավարը նաեւ խոստացած էր աջակցիլ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական ու տնտեսական յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ՝ ուշադրութեան կեդրոնին պահել Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու, այդ կարգին` հայերու իրաւունքներու, մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment