Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԲՀԿ Նախագահ Ընտրուեցաւ Գագիկ Ծառուկեան

ԲՀԿ Նախագահ Ընտրուեցաւ Գագիկ Ծառուկեան

by MassisPost

Երկու տարուան դադարէն յետոյ Գագիկ Ծառուկեան այսօր երկրորդ անգամ միաձայն ընտրուեցաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) նախագահ:

Նիստը վարող Վերահսկիչ պալատի նախկին նախագահ, «Ծառուկեան դաշինքի» նախընտրական շտաբի ղեկավար Իշխան Զաքարեան նկատեց, թէ Գագիկ Ծառուկեանի անունը հնչեցնելը արդէն բաւարար է, եւ քուէարկութիւն պէտք չէ:

Ուշագրաւ է, որ իր ելոյթին ԲՀԿ նորընտիր նախագահը իշխանափոխութեան մասին ընդհանրապէս չխօսեցաւ: Ան յորդորեց իր կուսակիցներուն ընտրութիւններուն երթալ զուսպ եւ որեւէ քաղաքական ուժի չվիրաւորել:

Գագիկ Ծառուկեան իր 40 վայրկեանոց ելոյթի ընթացքին պարբերաբար անդրադարձած էր լրագրողներուն՝ ըսելով, թէ անոնք ամէն ինչ կը խառնեն, իրեն կը մեղադրեն պայմանաւորուածութիւններու մէջ եւ այլն: Կրկին անդրադառնալով 2015 թուականի իրադարձութիւններուն՝ Ծառուկեան ընդգծեց, որ ինք արիւնահեղութիւն չէր ուզեր:

Ապա ԲՀԿ ղեկավարը անդրադարձաւ երկրի տնտեսական վիճակին՝ ներկայացնելով խնդիրներու լուծման իր տեսլականը: Ծառուկեան շեշտեց, թէ հարկաւոր է բնական պաշարներու հարկերն ու տուրքերը աւելցնել եւ պիւտճէն անմիջապէս 30 տոկոսով կ’աւելնայ:

Ծառուկեան քննադատեց կենսաթոշակային համակարգը՝ ըսելով, որ մարդոցմէ գումարներ կը պահուին, որպէսզի 40 տարի յետոյ անոնց թոշակ տան, մինչդեռ այդ ժամանակ դրամը արժեզրկուած պիտի ըլլայ:

Գագիկ Ծառուկեան նաեւ անդրադարձաւ արագաչափերուն ու «կարմիր գիծերուն»՝ ըսելով, թէ անոնք պէտք է անմիջապէս վերացնել: Ըստ անոր, Երեւանի բնակչութեան 20-25 տոկոսը թաքսի վարելով ընտանիք կը պահէ եւ այսօր այդ տուգանքներու պատճառով ջղային վիճակի մէջ յայտնուած է:

Գործարար պատգամաւորը նաեւ անդրադարձաւ գիւղացիներու ծանր վիճակին, թէ ինչպէս մարդիկ ցրտահարութեան պատճառով կը կորսնցնեն բերքը՝ մնալով բարձր տոկոսադրոյք ունեցող վարկերու տակ։ Ծառուկեան շեշտեց, որ այս պահին 1 միլիոն 400 հազար վարկառու կայ:

ԲՀԿ ղեկավարը նաեւ առաջարկեց մի քանի տարիով հարկերէ ազատել փոքր եւ միջին գործարքին, որպէսզի մարդիկ ոտքի կանգնելու հնարաւորութիւն ունենան: Ծառուկեան շեշտեց, որ եթէ ինքն ու իր խումբը յաջողութեան հասնին ընտրութիւններուն, ապա իւրաքանչիւրը իր վրայ պիտի զգայ փոփոխութիւնը: Ծառուկեան նկատեց, թէ հիմա ընտրութեան հնարաւորութեան կայ, յետոյ մարդիկ պէտք չէ բողոքեն եւ իշխանափոխութիւն պահանջեն:

Նշենք, որ Ծառուկեանէն բացի, ելոյթ ունեցաւ նաեւ Իշխան Զաքարեան, որ երէկ հրաժարական տուաւ Վերահսկիչ պալատի նախագահի պաշտօնէն:

ԲՀԿ նախկին նախագահ Նաիրա Զօհրապեան իր ելոյթի ընթացքին ընդգծեց․ «Ծառուկեան դաշինքով սահմանելու ամենաբարձր նշաձողն ու գնալու յաղթանակի, որտեղ միակ յաղթողը լինելու է Հայաստանի քաղաքացին, Հայաստանն ու Արցախը»:

Ի դէպ, թէեւ Գագիկ Ծառուկեանի խօսնակ Իւեթա Տոնոյեան նախապէս ըսած էր, թէ այսօր համագործակցող մի քանի ուժերու միջեւ նախատեսուած էր յուշագրի ստորագրում, որուն հիման վրայ կը ստեղծուի «Ծառուկեան դաշինքը», սակայն որեւէ յուշագիր չստորագրուեցաւ:

ԲՀԿ համագումարին ներկայ էր իշխող Հանրապետականի նախկին փոխնախագահ, նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի որդին: Ան, ըստ մամուլի, «Ծառուկեան դաշինք»-ին պիտի մասնակցի խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ առաջադրուելով Արարատի մարզին մէջ:

ԲՀԿ համագումարին ներկայ էր նաեւ նախկին ՀՀԿ-ական, Գիւմրիի նախկին քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան, որ նոյնպէս «Ծառուկեան դաշինիքով» պիտի առաջադրուի Շիրակի մարզին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment