Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցը Գնարկած է Համայնքի Ներկայացուցչին Հետ

Էրտողան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցը Գնարկած է Համայնքի Ներկայացուցչին Հետ

by MassisPost

Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հետ կապուած հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ։

Պոլսոյ հայկական «Ակօս»–ի հետ զրոյցին Պետրոս Շիրինօղլու յայտնած է Էրտողանի հետ հեռախօսով զրոյցէն յետոյ Էրտողան հրաւիրած է Անգարայի նախագահական նստավայր, ուր տեղի ունեցած է հանդիպումը։

«Ես նախագահին յայտնեցի, որ հիմնադրամներու ու պատրիարքի ընտրութիւններու ուշացման հետ կապուած հայ համայնքի որոշ անդամներ ինձ կը մեղադրեն ու պահանջեցի կայացնել այդ ընտրութիւնները։  Էրտողան ըսաւ, որ նախապէս թրքական իշխանութիւնները ըստ 1863–ին ընդունուած Հայոց Սահմանադրութեան թոյլատրած են ընտրութիւնները՝ շեշտելով, որ փոխպատրիարք Աթէշեանի հետ հանդիպման նոյն բաները ըսած է։  Էրտողան յիշեցուց, որ պատրիարքի ընտրութեան ուշացումը հայկական կողմի բացթողումն է, քանի որ անոր իշխանութիւնները չեն խառնուիր»,– ըսած է Պետրոս Շիրինօղլու՝ աւելցնելով, որ Էրտողան խոստացած է, որ յառաջիկային սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի աւարտէն ետք, անմիջապէս կը զբաղին պատրիարքի ու հիմնադրամներու ընտրութիւններու հարցերով։

Նոյն թեմայով «Ակօս»–ի հետ զրոյցին Պոլսոյ պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի առաջնորդ եպիսկոպոս Սահական Մաշալեան նշած է. «Եթէ մենք հիմա պատրիարքի ընտրութիւն կայացնելու դիմում ներկայացնենք, ապա հանրաքուէէն ետք ան աւելի արագ ընթացք կը ստանայ, քան անկէ վերջ ներկայացնենք դիմումը»։

Նշենք, որ Պոլսոյ հայ համայնքը երկար ժամանակէ պառակտուած վիճակի մէջ էր, պատրիարքի ընտրութեան հարցով։ Պատրիարք Մութաֆեան առողջական խնդիրներու պատճառով անգործունակ ճանչցուած է, սակայն ըստ Պատրիարքարանի կանոնադրութեան, Պատրիարքը կ’ընտրուի ցմահ։

Այս ընթացքին պատրիարքի գործառոյթները իրականացուցած է պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ արք․ Արամ Աթէշեան, ուրուն պոլսահայ համայնքի մէկ մասը չէ ընդունած եւ համարած է Էրտողանի կողմէն նշանակուած անձ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment