Յունուար 20, 2017 թուականը պիտի գայ արձանագրուելու որպէս տխուր օր` Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ: Այդ օրը նախագահ դարձաւ Տոնալտ Թրամփ: Անձ մը, որ ոչ միայն ստացած էր երեք միլիոն նուազ ձայներ, քան իր մրցակիցը, այլ նաեւ քաղաքական դէմք մը, որ զուրկ է այդ պաշտօնին համապատասխան արժանիքներէն ու նման հսկայ երկիր մը կառավարելու գիտելիքներէն ու յատկանիշերէն: Անոր սկզբնական քայլերն ու առած որոշումները, այդ ցոյց տուին առաջն պահէն իսկ: Ան կազմեց Ամերիկայի պատմութեան ամենաանփորձառու կառավարութիւնը, ուր ներգրաւուած են իր ընտանիքի անդամներն ու մեծահարուստ բարեկամները:
Ամերիկայի նախագահական երդման արարողութիւնները անցեալին կը վերածուէին տօնախմբութեան եւ կը հանդիսանային այն պատեհ առիթը, երբ նոր նախագահները կու գային միացնելու ժողովուրդը` յայտարարելով որ պատրաստ են դառնալու բոլորի նախագահը` զինք ընտրողներունը ու իրենց հակառակորդին ի նպաստ քուէարկած քաղաքացիներունը, գործակցութեան եւ համերաշխութեան ձեռք մեկնելով բոլոր հատուածներուն: Սակայն, Թրամփ անտեսելով այդ բոլորը, արտասանեց ընտրական ճառ մը, փոխանակ երդման արարողութեան պատշաճ ելոյթով մը հանդէս գալու: Անոր խօսքերուն մէջ մութ գոյներով կը ներկայացուէր երկիրը, պարունակելով բաժանարար երանգներ:
Տոնալտ Թրամփ Սպիտակ Տուն մուտք գործեց ժողովուրդի 37 տոկոսի հաւանութիւնը վայելող վարկանիշով, մինչ Պարաք Օպամա կը հեռանար 60 տոկոս ժողովրդականութեամբ: Հետեւաբար, զարմանալի չէր, երբ երդման արարողութեան վայր` Գափիթոլի առջեւի հրապարակը կիսադատարկ էր, իսկ մօտակայ հրապարակներուն վրայ բողոքի ցոյցեր տեղի կ’ունենային: Նոյն էր պարագան աւանդական շքերթի պահուն, երբ հեռատեսիլի վրայ կը տեսնուէին դատարկ նստարաններ ու մայթերու վրայ ցանցառ ժողովուրդ: Իսկ, յաջորդ օրը, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի եւ Ամերիկայի այլ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած կանանց ցոյցերը` միլիոնաւորներու մասնակցութեամբ, աննախընթաց էին իրենց տարողութեամբ:
Տոնալտ Թրամփի պաշտօնավարման առաջին նշանները հեռու են յուսադրիչ ըլլալէ: Նոյեմբերի ընտրութիւններէն ասդին անցած են ամիսներ ու կիրքերը տակաւին չեն հանդարտած, շնորհիւ Թրամփի` նախագահի ոչ վայել պահուածքին ու ելոյթներուն:
Այս պայմաններուն տակ, տխուր օրը կրնայ վերածուիլ ամիսներու ու նաեւ տարիներու:
«ՄԱՍԻՍ»