Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ճոն Հեֆըրն Եւրասիոյ Հարցերով ԱՄՆ-ի Պետքարտուղարի Օգնական Նշանակուած

Ճոն Հեֆըրն Եւրասիոյ Հարցերով ԱՄՆ-ի Պետքարտուղարի Օգնական Նշանակուած

by MassisPost

2011-2014 թուականներուն, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը զբաղեցուցած Ճոն Հեֆըրն նշանակուած Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերով ԱՄՆ-ի պետքարտուղարի օգնականի:

Ինչպէս նշուած է Պետական քարտուղարութեան կայքին մէջ, այս պահուն Հեֆըրն արտաքին գործոց նախարարի օգնականի պաշտօնակատար է:

Ճոն Հեֆըրն պիտի փոխարինէ Վիքթորիա Նուլընտը եւ պիտի դառնայ մէկը այն առանցքային պաշտօնեաներէն, որոնք պատասխանատու են Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ տարածաշրջաններին մէջ, ներառեալ Հարաւային Կովկասի մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան մշակման եւ իրականացման համար:

2015 թուականի Օգոստոսէն Ճոն Հեֆըրն կը կատարէր ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի գլխաւոր տեղակալի պարտականութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment