Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ատրպէյճանի «Խաւիարային Սկանտալի» Հերոսը Վերընտրուեցաւ ԵԽԽՎ Նախագահ

Ատրպէյճանի «Խաւիարային Սկանտալի» Հերոսը Վերընտրուեցաւ ԵԽԽՎ Նախագահ

by MassisPost

Սպանացի պատգամաւոր  Փետրօ Ակրամունթ վերընտրուած է Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահի պաշտօնին: ԵԽԽՎ ձմեռնային նստաշրջանի մեկնարկին տեղի ունեցած է կառոյցի նախագահի ընտրութիւնը, որուն արդիւնքով Փետրօ Ակրամունթը կրկին վերընտրուած է: Ան ընտրուած է 1 տարի ժամկէտով:

Ակրամունթ վերընտրուելէն յետոյ շնորհակալութիւն յայտնած է պատգամաւորներուն վստահութեան եւ համագործակցութեան համար:

Յիշեցնենք, որ հայ խորհրդարանականները Ակրամունթը մեղադրած են Ատրպէյճանի շահերու լոբբինգի, «խաւիարային դիւանագիտութեան» ծառայելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment