Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԱՀԿ ԽՎ Նախագահը Յորդորած է Երկարաձգել ԵԱՀԿ Գրասենեակի Լիազօրագիրը Երեւանի Մէջ

ԵԱՀԿ ԽՎ Նախագահը Յորդորած է Երկարաձգել ԵԱՀԿ Գրասենեակի Լիազօրագիրը Երեւանի Մէջ

by MassisPost

ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ աւստրիացի Քրիսթին Մուտոնէ յորդորած է անյապաղ համաձայնութեան գալ կառոյցի անդամ որոշ երկիրներու մէջ ԵԱՀԿ լիազօրագրի երկարաձգման հարցով:

«Դաշտային առաքելութիւնները երկար ժամանակ է ԵԱՀԿ կարեւոր գործառոյթներէն են, որոնք օգնած են ԵԱՀԿ երկիրներուն հաւատարիմ մնալ իրենց յանձնառութիւններուն եւ հանդիսացած են կազմակերպութեան քարոզչական ներուժի կարեւոր տարր»,- նշած է Մուտոնէ:

31 դեկտեմբեր, 2016-ին կը լրանայ Հայաստանի, Տաճկաստանի, Ղրղզստանի եւ Ուզպեքիստանի մէջ ԵԱՀԿ դաշտային առաքելութիւններու լիազօրագրի ժամկէտը:

Հայաստան կը սատարէ ԵԱՀԿ Երեւանի գրասենեակի գործունէութեան եւ վերջինիս մշտապէս աջակցութիւն ցուցաբերած է, մասնաւորապէս, ԵԱՀԿ-ի մէջ ընդունուող համապատասխան որոշումներուն: Այս մասին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment