Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Կանանց Իրաւունքներուն Համար Պայքարը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայ Կանանց Շնորհիւ Սկսած է. Թուրք Փրոֆեսոր

Կանանց Իրաւունքներուն Համար Պայքարը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայ Կանանց Շնորհիւ Սկսած է. Թուրք Փրոֆեսոր

by MassisPost

Թուրքիոյ Տրապիզոն քաղաքին մէջ կայացած է կանանց իրաւունքներու թեմայով գիտաժողով: Գիտաժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցած է Թուրքիոյ «Գիրեսուն» համալսարանի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի ռատիօ եւ հեռուստատեսութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆեսորը Հիւլեա Ուղուր Թանրըօվերը` ներկայացնելով, թէ ինչպէս եւ երբ Թուրքիոյ մէջ սկսած է կանանց իրաւունքներուն համար պայքարը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Gqnebakıs» լրատուական կայք։

Փրոֆեսորը ընդգծած է, որ կանանց իրաւունքներուն համար պայքարը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ սկսած է հայ կանանց շնորհիւ: Ըստ Թանրըօվերի` օսմանեան շրջանին կանանց իրաւունքները կը պաշտպանէին հայ կանայք, իսկ թուրք կանայք անոնցմէ սորված են պաշտպանել իրենց իրաւունքները:

«Մենք մեր իրաւունքներուն համար պայքարը սկսած ենք դեռ մինչեւ հանրապետական շրջանը: Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակ՝ կանայք աւելի շատ պայքարած են իրենց իրաւունքներուն համար: Օսմանեան շրջանին, յատկապէս հայ կանայք, այդ պայքարին մէջ ստանձնած են մեծ դեր»,- ըսած է փրոֆեսորը:

Անդրադառնալով 1923-ին Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն ետք կանանց իրաւունքներուն համար պայքարին` փրոֆեսորը նշած է, որ ժամանակակից ընկալումով, կանանց իրաւունքներուն համար պայքարը կը կապուի նոյնինքն  հանրապետական շրջանին հետ:

«Կ՝ըսեն` քեմալականները տուած են կանանց իրաւունքները: Հաւանաբար, հանրապետութեան հռչակումէն ետք կանանց աւելի դիւրին տրուեցան որոշ իրաւունքներ, սակայն անկէ ետք, յատկապէս 1960-ականներէն սկսեալ, Թուրքիոյ մէջ կանանց իրաւունքներուն համար մեծ պայքար սկսած է»,- ընդգծած է փրոֆեսոր Թանրըօվեր:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment