Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ The Observer. «Ատրպէյճան ԵԽԽՎ Ազդեցիկ Պաշտօնեաներուն Կաշառք Փոխանցած է Բրիտանական Ընկերութիւններու Միջոցով»

The Observer. «Ատրպէյճան ԵԽԽՎ Ազդեցիկ Պաշտօնեաներուն Կաշառք Փոխանցած է Բրիտանական Ընկերութիւններու Միջոցով»

by MassisPost

«Բրիտանական առնուազն չորս ընկերութիւններ առնչութիւններ ունին Ատրպէյճանի կողմէ եւրոպական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն տրուած կաշառքներուն հետ»,- պնդած են Լոնտոն լոյս տեսնող The Observer շաբաթաթերթի լրագրողները:

Հեղինակաւոր Guardian պարբերականի հետ գործող այս թերթը հետաքննած է 2013 թուականի իրադարձութիւնները, երբ պաշտօնական Պաքուին, լոբբիստական յամառ ջանքերու շնորհիւ, յաջողուեցաւ տապալել Եւրոպայի խորհուրդին մէջ շրջանառուող այն բանաձեւերէն մէկուն ընդունումը, որ նուիրուած էր Ատրպէյճանի քաղբանտարկեալներու շուրջ ստեղծուած կացութեան:

The Observer-ի պնդմամբ, գերմանացի սոցիալ-դեմոկրատ Քրիսթորֆըր Շտրասերի մշակած բանաձեւի տապալման գործին առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է Եւրոպայի Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի խոշորագոյն խմբակցութիւնը` Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութիւնը եւ անոր այն ժամանակուան ղեկավար` իտալացի պատգամաւոր Լուքա Վոլոնթէ:

Յիշեցնենք՝ Եւրոպայի աջ պահպանողական քաղաքական ուժերը միաւորող այս կառոյցին անդամակցած են հայաստանեան երեք կուսակցութիւններ` Հանրապետականը, «Օրինաց երկիրն» ու «Ժառանգութիւնը»:

The Observer-ի տեղեկութիւններով, Միլանի դատախազութիւնը արդէն իսկ հետաքննած է Լութա Վոլոնթէի կողմէ 2 միլիոն 390 հազար եւրոյի կաշառք ստանալու փաստը: Իտալացի քաղաքական գործիչը նոյեմբերին RAI 3 հեռուստաընկերութեան եթերին հեռարձակուած «Խաւիարային դիւանագիտութիւն» վերնագրուած ֆիլմին մէջ պնդած է, թէ այդ գումարը ստացած է ատրպէյճանցի պատգամաւոր Էլհան Սուլէյմանովէն` «գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ ցուցաբերած խորհրդատուական ծառայութիւններու փոխարէն»:

The Observer-ի լրագրողները պնդած են, որ Սուլէյմանով սերտ յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Լոնտոնեան պարբերականը, սակայն, պնդած է, որ ատրպէյճանական կողմը ԵԺԿ ազդեցիկ գործիչին կաշառքը փոխանցած է բրիտանական չորս ընկերութիւններու միջոցով: Անոնք են՝ Լոնտոնի մերձակայքը գտնուող Փոթերս Բար քաղաքում գրանցուած LCM Alliance-ը, սքոթլանտական Կլազկօ գործող Hilux Services եւ Polux Management ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ պըրմինկհեմեան Metastar-ը:

The Observer-ի տեղեկութիւններով, չորս ընկերութիւնները իրենց հիմնական գործողութիւնները իրականացուցած էին օֆշորային գօտիներու միջոցով, իսկ Վոլոնթէի անուան շուրջ ծագած խայտարակութենէն յետոյ ընդհանրապէս լուծարուած են: Թերթի պնդմամբ, Ատրպէյճանի քաղբանտարկեալներու առկայութեան մասին վկայող բանաձեւի տապալումէն յետոյ հնարաւոր դարձաւ նոր շունչ հաղորդել նաեւ «Թրանս-Ատրիաթիկ» խողովակաշարի` TAP-ի շինարարութեան բանակցութիւններուն:

The Observer-ը մէջբերած է նաեւ բրիտանացի բնապահպան Էմմա Հիւզի խօսքերը, որ պնդած է, թէ «Թրանս-Ատրիադիկ» գազատարը, որուն շնորհիւ Եւրոպա յոյս ունի թուլացնել իր կախուածութիւնը ռուսական կազէն, իրականին մէջ պիտի ծառայէ տրամագծօրէն հակառակ նպատակին:

The Observer-ի թղթակիցները յաջողած են նաեւ պարզել, որ Ատրպէյճանի եւ եւրոպական կառոյցներու միջեւ առկայ կաշառակերութեան ծրագրերով ներգրաւուած բրիտանական ընկերութիւնները կապեր ունին նաեւ Ռուսիոյ յանցաւոր աշխարհի ներկայացուցիչներու հետ:

Թերթը` վկայակոչելով Լաթւիոյ դատական համակարգի հրապարակած տուեալները, պնդած է, որ Լուքա Վոլոնթէյի շուրջ ծագած խայտառակութեան մէջ ներգրաւուած ընկերութիւններէն մէկը վերահսկած էր նաեւ Armut Services կառոյցը, որուն միջոցով հնարաւոր եղած էր շուրջ 230 միլիոն ամերիկեան տոլար յափշտակել Ռուսիոյ պետական պիւտճէէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment