Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 2016-ի Տարուայ Տասը Գլխաւոր Հայկական Իրադարձութիւնները

2016-ի Տարուայ Տասը Գլխաւոր Հայկական Իրադարձութիւնները

by MassisPost

Թիւ Մէկ – Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմը

april-fighting

Ապրիլ 1-2-ի առաւօտեան Ատրպէյճանի բանակը 1994 թուականի զինադադարէն  ասդին կատարեց իր ամէնէն լայնածաւալ գործողութիւնըª Արցախի հետ սահմանին վրայ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան շփման գիծի ամբողջ երկայնքին‘ հիւսիսէն մինչեւ հարաւ ու  ժամեր շարունակ ծանր մարտեր տեղի ունեցան մասնաւորաբար հիւսիսային Մարտակերտի եւ հարաւային Հատրութի սահմանային դիրքերուն մօտ: Հակառակորդը իր ջանքերը կեդրոնացուց  Մարտակերտի սահմանային Թալիշի  շրջանին ուղղութեամբ, հայկական  դիրքերուն տիրապետելու եւ Սարսանկի ջրամբարին կից ռազմավարական  կեդրոններուն  հասնելու նպատակով:

Տեղի ունեցան դաժան մարտերու ընթացքին, Արցախի պաշտպանութեան բանակը յաջողեցաւ ետ մղել թշնամիի բոլոր յարձակումները:

Հետագային յայտնի դարձաւ, որ հայկական կողմը տուած է աւելի քան հարիւր զոհ:

Աւելի ուշ, նախագահ Սերժ Սարգսեան խոստովանեցաւ նաեւ որ, զինադադարի պահուն 800 հեկտար տարածք մնացած է թշնամի հսկողութեան տակ:

Պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին Հայաստանի ժողովուրդը, ընդդիմադրութիւնը եւ իշխանութիւնները ցուցաբերեցին միասնական կեցուածք:

Նկատի առնելով պատերազմի հետեւանքները ու հայկական կողմի կրած ծանր վնասները կ°ակնկալուէր որ բարձրաստիճան զինուորականներ ենթարկուէին պատասխանատուութեան եւ կան ներկայացնէին իրենց հրաժարականները: Ի բացառեալ մի քանի երկրորդական զինուորականներէ, որոնք հեռացուեցան, մնացեալները մնացին իրենց պաշտօններուն վրայ:

Թիւ Երկու – «Սասնայ Ծռեր» Խումբի Զինեալ Գործողութիւնը 

police-15

Յուլիս 17-ին, Երեւանի Խորենացի փողոցին վրայ գտնուող ոստիկանութեան  գունդի կեդրոնը  զինեալ  յարձակումի ենթարկուելէ ետք  գրաւուեցաւ  «Սասնայ Ծռեր» խումբի անդամներուն կողմէ: Անոնք կը պահանջէին  Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակումը  եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը:

Զինեալները որպէս պատանդ  վերցուին խումբ մը ոստիկաններ‘ ներառեալ  ոստիկանապետի տեղակալը  ու  Երեւանի փոխ ոստիկանապետը:

Ոստիկանութեան կեդրոնը ներխուժելու պահուն զոհուեցաւ գունդի փոխհրամանատար  Արթուր  Վանոյեանը: Կային նաեւ վիրաւոր ոստիկաններ եւ յարձակող խումբի անդամներ:

Այս յանդուգն գործողութենէ ետք, «Սասնայ Ծռեր» խումբի անդամները արժանացան ժողովրդային լայն աջակցութեան: Երեւանի մէջ տեղի ունեցան զօրակցութեան  հսկայ ցոյցեր: Իրաւապահ մարմինները հակադարձեցին` ցուցարարներու դէմ բռնի գործողութիւններու դիմելով ու ապօրէն ձերբակալութիւններով:

Օրեր շարունակ  Երեւանի մէջ կը տիրէր ժողովրդային ապստամբութեան մթնոլորտ: Պայթունավտանգ իրավիճակը շարունակուեցաւ մինչեւ  Յուլիսի 27-ը, երբ  իրաւապահները   յարձակում  կատարեցին ոստիկանութեան զօրամասին վրայ:   Այս իրադարձութիւններու  ընթացքին տեղի ունեցած բախումներու հետեւանքով վիրաւորուեցան զինեալ խումբի  բազմաթիւ անդամներ, իսկ մնացեալները յանձնուեցան` անոնց տրուած որոշ խոստումներու դիմաց: Այդ խոստումները հետագային դրժուեցան իշխանութիւններուն կողմէ:

Թիւ Երեք  – Հռոմի Պապի Այցելութիւնը Հայաստան 

pope-17

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովուապետ` Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը եռօրեայ այցելութիւն կատարեց Հայաստան, ուր  ան դարձեալ խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: «Այդ ողբերգութիւնը, այդ  Ցեղասպանութիւնը որ հարուածեց ձեր ժողովուրդին, անհամար զոհեր պատճառեց: Այդ գլխաւորեց անցեալ դարու անմարդկային աղէտներու տխուր ցուցակը, որոնք իրականացուեցան ցեղապաշտական, գաղափարախօսական եւ կրօնական մոլորեցնող շարժառիթներով եւ որոնք մթագնեցին մարդասպաններու միտքը»,- ըսաւ Պապը:

Հռոմի Պապը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, ուր յարգեց Մեծ Եղեռնի մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Քահանայապետը ուղղուեցաւ նաեւ Կիւմրի, ուր հազարաւոր քաղաքացիներու, օտարազգիներու եւ այցելուներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ պատարագ` քաղաքի կեդրոնական Վարդանանց հրապարակին վրայ: Պատարագը մատուցուեցաւ լատինական ծէսով, իսկ շարականներու մէկ մասին երգեցողութիւնը` հայերէնով:

Նոյն օրը երեկոյեան, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ տիեզերական աղօթք` Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի  մասնակցութեամբ: Հազարաւոր քաղաքացիներ յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ հասան հրապարակ, ականատես դառնալու համար այս պատմական իրողութեան:

Յունիս 26-ին Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը` Հայաստան կեցութեան վերջին օր, այցելեց Հայ-թրքական սահմանին վրայ գտնուող Խոր Վիրապի վանքը, ուր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ խաղաղութեան սպիտակ աղաւնիներ արձակուեցան Արարատ լերան ուղղութեամբ:

Վատիկան վերադարձի օդանաւին  մէջ, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն Պապը կոչ ուղղեց հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն խաղաղութեան ուղիներ գտնելու: Պապը յայտնեց, որ հայերը առաջին քրիստոնեայ ազգն են, որովհետեւ Աստուած օրհնած է զանոնք:

Թիւ Չորս  – Նշուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակը 

parade-21

Սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի  անկախութեան 25 ամեակին առթիւ  զօրահանդէս տեղի ունեցաւ  Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի վրայ:

Զօրահանդէսին ներկայ էին ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ., Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Առաջին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան,   սփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչներ, օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ եւ հիւրեր:

Զօրահանդէսի ընթացքին ցուցադրուեցան հայկական բանակի նորագոյն ձեռքբերումները` հեռահար «Իսկանդեր»  հրթիռային համալիրներ, համազարկային կրակի հակազդեցիկ` «Սմերչ» համակարգեր, հակաօդային պաշտպանութեան համար նախատեսուած «Բուկ» զենիթահրթիռային համալիրներ եւ ռատիոէլեկտրոնային պայքարի նորագոյն` «Ինֆաունա» համակարգ:

Անկախութեան 25-ամեակի առթիւ հանդէս գալով շնորհաւորական խօսքով,  նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ  Հայաստան վճռական է պաշտպանելու իր ազատութիւնը.- «Մենք ընտրած ենք ազատութիւնը Հայկ Նահապետի ժամանակէն: Մենք հաւատարիմ ենք այդ ընտրութեան, որ նետ ու աղեղի ժամանակներուն կատարած ենք: Այսօր‘ 21-րդ դարուն, զէնքերը  փոխուած են, բայց  չենք փոխուած մենք` սեփական ազատութիւնը պաշտպանելու մեր վճռականութեամբ: Վկան այս զօրահանդէսն է»:

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան լրագրողներուն յայտարարեց, թէ ՀՀ անկախութեան 25-րդ տարեդարձին նուիրուած զօրահանդէսի ընթացքին  ցուցադրուած զինատեսակները կը պատկան ՀՀ Զինուած ուժերուն, հակադարձելով այն հրապարակումներուն,  ըստ որոնց` ցուցադրուող զէնքերու  մէկ  մասը ՀՀ Զինուած ուժերունը չեն, եւ անոնք ցուցադրութեան համար տրամադրած է ռուսական կողմը:

Թիւ Հինգ – Գերմանիա Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

bundestag-vote-genocide-730x411

101 տարուայ ուշացումով, Յունիս 2ին Գերմանիան   պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց  ցեղասպանութեան փաստը, նաեւ  մասամբ ընդունելով այդ օրուայ գերմանական իշխանութիւններու պատասխանատուութիւնը:

Գերմանիոյ խորհրդարանի‘ Պունտեսդակի  անդամները գրեթէ միաձայնութեամբ կողմ քուէարկեցին Ցեղասպանութիւնը ընդունող բանաձեւին: Միայն մէկ երեսփոխան դէմ արտայայտուեցաւ, մէկ այլ ուրիշ` մնաց ձեռնպահ:

«Պունտեսդակը կը խոնարհի 101 տարի  առաջ Օսմանեան  կայսրութեան  մէջ հարկադիր տեղահանութեան  եւ  ջարդերու  ենթարկուած հայերու եւ քրիստոնեայ միւս փոքրամասնութիւններուն առջեւ: Խորհրդարանը  կը դատապարտէ  երիտթուրքերու կառավարութեան արարքը: Պունտեսդակը կը ցաւի Գերմանիոյ իշխանութիւններու դերին համար‘ որպէս  Օսմանեան կայսրութեան  դաշնակից, որ  չնայած քաղաքական  գործիչներու  եւ  միսիոնարներու ստացած տեղեկութիւններուն, ոչինչ ձեռնարկեց մարդկութեան դէմ այդ յանցագործութիւնը  կանխելու համար: Խորհրդարանը  կ’ընդունի Գերմանիոյ պատմական  պատասխանատուութիւնը»,-  ըսուած  էր բանաձեւին մէջ:

Գերմանիոյ խորհրդարանը նաեւ կառավարութեան կոչ ուղղեց նպաստելու հայերու եւ թուրքերու հաշտեցման ջանքերուն, խթանելու թրքական կողմին` առերեսուիլ  սեփական  պատմութեան հետ, քաջալերել Հայաստան-Թուրքիա  միջպետական յարաբերութիւններու  կարգաւորման հոլովոյթը, նաեւ աջակցիլ Թուրքիոյ մէջ հայկական յուշարձաններու պահպանման:

Գերմանիոյ  կողմէ վաւերացուած բանաձեւին Անգարա հակադարձեց  իր դեսպանը տուն կանչելով եւ յարաբերութիւններու  վատթարացմամբ սպառնալով:

Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայիպ  Էրտողան  արձագանգելով գերմանական բանաձեւին ըսաւ թէ, Պունտեսդակի որոշումը  լրջօրէն պիտի  ազդէ  թուրք-գերմանական  յարաբերութիւններուն  վրայ:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Ժողովուրդներու  Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ Սալահըտին Տէմիրթաշ յայտարարեց, որ Գերմանիոյ կողմէ ընդունուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոց  մը չէ: «Այդ որոշումը հարիւր տարի ուշացած որոշում է: Թուրքիոյ մէջ այսօր ալ ցեղասպանութեան կ’ենթարկեն քիւրտերը: Եթէ Գերմանիան այս հարցով 100 տարի ետք որոշում մը կայացնէ, ապա այդ իմաստ պիտի չունենայ», ըսաւ քիւրտ կուսակցապետը:

Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութիւնը մերժեց ստորագրել  գերմանական բանաձեւը դատապարտող թրքական խորհրդարանի որոշումին տակ:

Թիւ Վեց  – Լոս Անճելըսի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Վաթսուն Հազարանոց Հանրահաւաք` Եղեռնի 101-Ամեակին Առթիւ 

losangeles-1

Ապրիլ 24-ին, բովանդակ  աշխարհի հայութիւնը նշեց Հայոց  Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցը:  Այս տարի եւս Լոս Անճելոսի հայ գաղութէն  ներս տեղի ունեցաւ  սփիւռքի ամենէն բազմամարդ համախմբումը: Թրքական  հիւպատոսարանի մօտ եկած էին աւելի քան 60 հազար հայորդիներ: Պատուոյ  հիւրերու շարքին ներկայ   ԱՄՆ-ի Գոնկրէսի,  Գալիֆորնիոյ Խորհրդարանի, Լոս  Անճելոսի գաւառի եւ քաղաքի  ղեկավար անձնաւորութիւններ, եկեղեցական ներկայացուցիչներ, հայ համայնքի ղեկավարներ եւ  տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներ եւ ուսանողներ:

Հայ ժողովուրդի արդար դատին զօրակցող ներկայացուցիչներ եկած էին նաեւ յոյն, ասորի, քիւրտ, եզիտի, հրեայ, հարաւ-ասիական եւ սիխ համայնքներուն կողմէ:

Ցեղասպանութիւնը դատապարտող  եւ պահանջատէր հայ ժողովուրդի արդար դատին ի նպաստ զօրակցական  ելոյթներով հանդէս եկան գոնկրէսականներ Ատամ Շիֆ, Լօրեթթա Սանչեզ եւ Թոնի Գարտենաս, Գալիֆորնիա Նահանգի երեսփոխաններ Սքաթ Ուիլք,  Ատրին Նազարեան, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելոսի քաղաքապետական Խորհուրդի անդամներ Փոլ Գրիգորեանն  եւ ուրիշներ:

Հայ ժողովրդի անժամանցելի արդար դատին եւ ցեղասպանութեան դատապարտման ու հատուցման պահանջատիրական ելոյթներ ունեցան ՌԱԿ-ի կողմէ  Թամար Փոլատեան, ՍԴՀԿ-ի անունով Գրիգոր Մոլոյեան եւ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան: Ելոյթներու  ընթացքին բազմահազար ժողովուրդ  հայրենասիրական լօզունգներով ու վանկարկումներով իր արդար զայրոյթն ու պահանջատիրութիւնը արտայայտեց ու  դատապարտեց  Արցախի ազատատենչ ժողովուրդին վրայ կատարուած ազերիներու բարբարոսական արարքները:

Թիւ Եօթը – Ֆրանսայի Ծերակոյտը Հաստատեց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

french-senate

Հոկտեմբեր 14-ի Ֆրանսայի Ծերակոյտի  քուէարկութեամբ հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող  օրինագիծը, որ ընդունուեցաւ 156 կողմ  եւ  146  դէմ ձայնով:

Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատի` Ազգային ժողովի պատգամաւորները, Յուլիսին միաձայն կողմ քուէարկած  էին «Հաւասարութիւն եւ Քաղաքացիութիւն» կոչուող օրինագիծի փոփոխութիւններուն, որով պատիժ կը  սահմանուէր մարդկութեան դէմ գործուած բոլոր  յանցագործութիւնները, որոնց շարքին`  Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու  եւ  հերքելու համար:

Քուէարկութենէն ետք, Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամ  Ֆիլիպ Կանտելբակ իր  ուրախութիւնը յայտնեց վերոյիշեալ յօդուածի  ընդունման առթիւ. – «Ես  շատ գոհ եմ, որ Ծերակոյտը լայն  մեծամասնութեամբ ընդունեց  յօդուածը` կողմ դնելով    քաղաքական տարբերութիւնները: Այսուհետեւ  պատիժը կը վերաբերի բոլոր ցեղասպանութիւններուն: Այս   շատ կարեւոր քայլ է`  պատժելու համար բոլոր ժխտողականներուն եւ յատկապէս անոնց, որոնք կը ժխտեն 1915 թուականի հայերու  ցեղասպանութիւնը: Այս քայլով Ֆրանսան   շատ կարեւոր ուղերձ կը  յղէ  աշխարհին, այն ժամանակ երբ մասսայական  ոճիրներ կը գործուին Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր»:

Այս առթիւ Հայաստան ողջունեց   Ծերակոյտի որոշումը: «Ողջունում ենք Ֆրանսիայի Սենետի կողմից դեռ ամռանը Ազգային ժողովում հաստատուած` Հայոց  ցեղասպանութեան  ժխտումը  քրէականացնող օրինագծի ընդունումը», –  յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

«Այս քայլով Ֆրանսան կրկին անգամ վերահաստատում է իր արժէքաւոր դերակատարումը անցեալում իրականացուած  ցեղասպանութիւնների դատապարտման եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ` մարդկութեան դէմ հնարաւոր նոր  ոճիրների կանխարգելման  գործում», – ըսուած էր   Նալբանդեանի յայտարարութեան մէջ:

Թիւ Ութը – Հայաստանի Մէջ Կազմուեցաւ Նոր Կառավարութիւն

karenkarapetyan

Սեպտեմբեր 13-ի,  Կարէն Կարապետեան նշանակուեցաւ Հայաստանի վարչապետ, դառնալով երրորդ Հանրապետութեան 14-րդ վարչապետը: Ան եկաւ փոխարինելու նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին, որ պարտադրուած հրաժարականով հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն:

Կարէն Կարապետեան կարողացաւ  կառավարութեան նոր կարէն դուրս ձգել ժողովուրդի մօտ վատ համբաւ  ունեցող մի քանի նախարարներ: Իսկ, Սերժ Սարգսեանի որոշումով կառավարութեան կազմէն դուրս մնաց պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:

Նորանշանակ վարչապետը առաջին առթիւ  անկեղծ գտնուելով  յայտարարեց, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը կը գտնուի խիստ ծանր վիճակի մէջ:

Կարէն Կարպատեանի առաջին քայլերը արժանացան որոշ չափով դրական գնահատակնի: Սակայն, այդ բոլորը երկար չտեւեցին, երբ յայտարարուեցաւ թէ ան դարձած է ժողովուրդի աչքին վարկաբեկուած  Հանրապետական` իշխող կուսակցութեան:

Այդպիսով իր աւարտին հասաւ Կարէն Կարապետեանի կարճատեւ մեղրալուսինը:

Թիւ Իննը – Հայաստան Տիրացաւ Ողիմպիական Խաղերու Ոսկի Մետալի

arthur

Ռիօ Տէ Ժաներոյի մէջ տեղի ունեցող  31-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերու ընթացքին  Կիւմրեցի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան, Օգոստոս 16-ի երեկոյեան ոսկի մետալ նուաճելով  յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցաշարքի 98 քկ. ծանրութեան մէջ, դարձաւ Հայաստանի  անկախացումէն ասդին երկրորդ ոսկի մետալակիրը:

Մինչեւ այդ,  Հայաստան ունեցած էր միայն մէկ Ողիմպիական ախոյեան` Արմէն Նազարեանը, որ 1996-ին   Աթլանթայի մէջ ոսկի մետալ  նուաճած էր յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցաշարքին մէջ:

Ալեքսանեանի  յաղթանակը ցնծութեան մեծ ալիք  յառաջացուց յատկապէս իր ծննդավայր Կիւմրիի մէջ, ուր  կէս գիշերը անց ըլլալով հանդերձ, տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:

Ալեքսանեանէն մի քանի ժամ ետք, գերծանր կշիռի մէջ ծանրորդ Գոռ Մինասեան նուաճեց Հայաստանի չորրորդ մետալը:  22-ամեայ ծանրորդը երկրորդ տեղը գրաւեց +105 քկ.-ի մէջ, ուր հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանի միւս ներկայացուցիչը` Ռուբէն Ալեքսանեանը, որ բաւարարուեցաւ չորրորդ տեղով:

Ռիօ-2016-ին Հայաստան նուաճեց եւս 2 արծաթ մետալ:  Ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեան աւարտականի հասնելով, կողմնակալ մրցավարութեան պատճառով պարտուեցաւ աշխարհի 2014 թուականի ախոյեան, սերպ  Դաւոր Շտեֆանեկի դէմ:

105 քկ. ծանրութեան մէջ հանդէս գալով, Մարտիրոսեան պոկում ձեւով  բարձրացուց 190 քկ.,  իսկ հրում ձեւի ընթացքին ան կարողացաւ բարձրացնել 227 քկ.  եւ ընդհանուր’ 417 քկ. արդիւնքով ան ապահովեց  արծաթէ մետալը

Թիւ Տասը – ՄԱԿ-ի Մօտ Ամերիկայի Դեսպանը 1915-ի Իրադարձութիւնները Բնորոշեց Որպէս Ցեղասպանութիւն

samatha-powers

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սամանթա Փաուըր,  1915 թուականի  իրադարձութիւնները բնորոշեց որպէս ցեղասպանութիւն:

Նոյեմբեր 30-ին Նիւ Եորքի մէջ, Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրª Էլի Վիզելի յիշատակին նուիրուած արարողութեան ժամանակ, Սամանթա Փաուըր խօսացաւ մինչ օրս շարունակուող պատմական անարդարութիւններու մասին, անոնց շարքին յիշատակելով նաեւ Հայոց  ցեղասպանութեան ժխտումը:

Սամանթա Փաուըր կարգավիճակով Ամերիկայի երկրորդ ամենաբարձրաստիճան  դիւանագէտն  ըլլալով,   Ամերիկեան շրջանակներու կողմէ հարց տրուեցաւ թէ, արդեօք Օպամայի վարչակազմը  քօղազերծուած կերպով  ճանչցած է Առաջին  Աշխարհամարտի տարիներուն  հայերու դէմ  իրականացուած ջարդը` որպէս ցեղասպանութիւն:
 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment