Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Տալլաքեան չի Գիտէր «Երկիրը Ծանր Վիճակէ Դուրս Բերող» Սէյրան Օհանեան Ինչպէս Ձեռք Բերած է իր Դղեակները

Տալլաքեան չի Գիտէր «Երկիրը Ծանր Վիճակէ Դուրս Բերող» Սէյրան Օհանեան Ինչպէս Ձեռք Բերած է իր Դղեակները

by MassisPost

Ազգային ժողովի ՀՀ նախագահի նախկին ներկայացուցիչ, «Երրորդ Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Վիքթոր Տալլաքեան համոզուած է, որ քանի մը ամիս առաջ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը զբաղեցուցած  Սէյրան Օհանեան պատասխանատուութիւն չի կրէր երկրին մէջ ստեղծուած ծանրագոյն վիճակի համար։ Այս մասին Տալլաքեան յայտարարեց կուսակցութեան համագումարէն յետոյ հրաւիրուած ասուլիսին։

«Ինչ վերաբերում է, թէ Օհանեանը իր գործունէութեան ընթացքում ինչ քայլեր է իրականացրել Հայաստանում տեղի ունեցող իրադարձութիւնների վերաբերեալ, այդ հարցերը կարող էք ուղղել պարոն Օհանեանին։ Հայաստանի իրավիճակի գնահատականը տուել է գործող վարչապետը, երբ նշանակուելուց յետոյ յայտարարեց, որ  Հայաստանի տնտեսութիւնը գտնուում է ծայրաստիճան ծանր վիճակում, եւ դա նշանակում է, որ սա Սերժ Սարգսեանի գործունէութեան ութ տարուայ գնահատականն է… Երկրում ստեղծուած ծանր իրավիճակի համար որեւէ պատասխանատուութիւն չի կրում Սէյրան Օհանեանը»,- ըսաւ Տալլաքեան:

Պաշտպանութեան նախկին նախարարի ութ տարուան գործունէութեան մէջ մեղքեր չտեսնող Տալլաքեան հրաժարեցաւ պատասխանել հարցին, թէ գիտէ՞ արդեօք՝ ուրկէ Սէյրան Օհանեանին Վահագնի թաղամասը գտնուող դղեակը։

Վիքթոր Տալլաքեան յայտարարեց, թէ ապրիլեան պատերազմին նոյնպէս գործող նախարար Սէյրան Օհանեանը բացարձակապէս մեղք չէ ունեցած։

Ան բացառեց, որ  պաշտպանութեան նախկին նախարարի հետ համագործակցութիւնը որեւէ փուլի մէջ կրնայ խաթարուիլ:

Ինչ կը վերաբերի Գագիկ Ծառուկեանի հետ հնարաւոր համագործակցութեան, Վիքթոր Տալլաքեան ըսաւ, որ երբ Գագիկ Ծառուկեանը կը յայտարարէ քաղաքականութիւն վերադառնալու մասին, այդ ժամանակ ինքն ալ համապատասխան յայտարարութեամբ հանդէս կու գայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment