Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Stratfor. Իսրայէլէն «Երկաթէ Գմբեթ» Ձեռք Բերելու Պաքուի Նպատակը Յստակ չէ

Stratfor. Իսրայէլէն «Երկաթէ Գմբեթ» Ձեռք Բերելու Պաքուի Նպատակը Յստակ չէ

by MassisPost

Անցեալ շաբաթավերջին Ատրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարար Եաւէր Ճամալով յայտարարեց, թէ Պաքու կը պատրաստուի Իսրայէլէն գնել հակահրթիռային պաշտպանութեան «Երկաթէ գմբեթ» համակարգը։ Իսրայէլեան The Jerusalem Post -ը փաստեց, որ Ատրպէյճանի մէջ սկսած են անով հետաքրքրուիլ, երբ Հայաստանը ձեռք բերած է ռուսական «Իսկանտեր»-ը:

«Յատկանշական է, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի այցէն անմիջապէս առաջ Պաքու մեկնած էր՝ Ռուսիոյ փոխվարչապետ, ռազմաարդիունաբերական ոլորտի պատասխանատու Տիմիթրի Ռոկոզինը»,- փաստած են ամերիկացի վերլուծաբանները՝ պնդելով, որ Պաքու այդ այցի ընթացքին նախապէս տեղեկացուցած է Ռուսիոյ, թէ ինչ համակարգ ձեռք կը բերէ Իսրայէլէն, եւ որ առաւել կարեւոր է՝ արդեօ՞ք այդ կը խախտէ ռազմական հաւասարակշռութիւնը, որը Մոսկուա կը պահէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ:

«Այնուամենայնիւ, իսրայէլական օդային պաշտպանութեան այդ համակարգը ձեռք բերելու նպատակը յստակ չէ»,- կարծիք յայտնած է Strarfor-ը՝ մանրամասնելով. «Ատրպէյճանը արդէն S 300 եւ «Պարաք-8» համակարգեր ունի, որոնք արդիւնաւէտ են «Իսկանտեր»-ի հրթիռներուն դէմ»:

«Բաւարար թիւով մարտկոցներ ունենալու պարագային անգամ «Երկաթէ գմբեթ»-ը իր թոյլ կողմերը ունի. անոր մարտկոցները կրնան դժուարութեամբ դիմակայել «Իսկանտեր»-ի հեռահար հրթիռներուն, քանի որ այն նախատեսուած է նախեւառաջ հրետանային փոքր հրթիռներու եւ ականանետերու կրակահերթերէն եկող վտանգը չէզոքացնելու համար: Թէեւ, հազիւ Ղարաբաղի լարուածութիւնը հասնի այն մակարդակին, որուն ականատեսը դարձանք այս տարուան սկիզբը, այնուամենայնիւ, վիճակը կրնայ սրիլ», – ընդգծած են ամերիկացի վերլուծաբանները՝ աւելցնելով, որ «Երկաթէ գմբեթ»-ը կրնայ օգնել շփման գիծի մօտ գտնուող քաղաքներն ու ռազմական յենակէտերը պաշտպանելու ատեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment