Home ՍՓԻՒՌՔ Հանրային Լսումներն Պոլսոյ Հայոց Նոր Պատրիարքի Ընտրութիւններուն Ընդառաջ

Հանրային Լսումներն Պոլսոյ Հայոց Նոր Պատրիարքի Ընտրութիւններուն Ընդառաջ

by MassisPost

Պոլսոյ հայոց նոր պատրիարքի հաւանական ընտրութիւններուն ընդառաջ Ստամբուլի հայ համայնքի առաջին հանրային լսումները կայցած են` քննարկելու ութ տարի այս գործընթացը արգելակող հանգամանքներն ու պատճառները:

Տարիներ շարունակ պատրիարք ընտրելու պահանջով հանդէս եկած նախաձեռնողական հարթակը Ստամբուլի հայաշատ Ֆերիքէօյ թաղամասի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպած է շուրջ 300 համայնքային անդամներու հետ, լսած կարծիքներ ու առաջարկներ, ինչպէս նաեւ հանդէս եկած յայտարարութեամբ:

«Ակօս» պարբերականի փոխանցմամբ, հանդիպման ընթացքին համայնքի անդամներէն մէկը նշած է, որ պատրիարքի ընտրութեան հարցը պէտք է բարձրացուի թրքական խորհրդարանին մէջ ներկայացուած հայ պատգամաւորներու կողմէ:

Ի պատասխան` սրահին մէջ ներկայ Թուրքիոյ Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Սելինա Տողան ըսած է, որ համայնքի ներքին խնդիրները իրենց օրակարգին մէջ են, սակայն իրատեսական չէ սպասել, որ անոնք լուծում կը ստանան Միլի մէջլիսին մէջ:

Հոկտեմբերի վերջը Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած եկեղեցական ընդհանուր ժողովի ժամանակ, հոգեւոր խորհուրդը, առաջնորդուելով եկեղեցական կանոնադրութեամբ եւ աւանդոյթներով, 2008 թուականէն ի վեր ծանր հիւանդութեան պատճառով փաստացիօրէն անգործունակ վիճակի մէջ գտնուող ներկայ պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի ուխտը լուծարուած համարած էր`օրակարգ բերելով նոր պատրիարք ընտրելու հարցը:

Ըստ օրէնքի, պատրիարքի ընտրութեան թոյլտուութիւն իրաւասու է տալ Ստամբուլի նահանգապետարանը` զայն համաձայնեցնելով ներքին գործերու նախարարութեան հետ:

«Ուզում ենք ճանչնալ բոլոր թեկնածուներուն, իմանալ, թէ ինչ մօտեցմամբ պիտի ծառայեն համայնքին: Մենք ընդամէնը կը ցանկանք մեր պատրիարքին ընտրել, օգտագործել մեր ժողովրդավարական իրաւունքը»,- ըսուած է ժողովի վերջը յայտարարութեան մէջ:

Նշենք, որ պատրիարքի ընտրութեան շուրջ համայնքային քննարկումները շարունակական բնոյթ պիտի կրեն եւ պիտի կայանան Ստամբուլի հայաշատ միւս թաղամասերուն մէջ եւս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment