Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԱՐՖ $100,000 Տոլարի Փոխանցում մը Ըրաւ Սուրիոյ ՇՏԱՊ-ին

ՍԱՐՖ $100,000 Տոլարի Փոխանցում մը Ըրաւ Սուրիոյ ՇՏԱՊ-ին

by MassisPost

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմին ՍԱՐՖը, հաղորդակցելով Սուրիոյ ՇՏԱՊի ներկայացուցիչներուն հետ, Սուրիոյ պատերազմական վերջին կացութեան պայմաններուն ի տես. նկատի առած, որ վերջին Չորս տարիներուն Սուրիոյ լարուած պայմանները խլեցին մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքի խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը:

Իրազեկ ըլլալով,Սուրիոյ մասին վերջին յայտարարուած տեղեկութիւններուն, որ մասամբ լաւատեսութիւն կը ներշնչեն Հալէպի մէջ ապրող եւ թէ գաղթական դարձած մեր հայրենակիցներուն եւ մեր իսկ վրայ…սակայն  պատերազմը վերջ չէ գտած եւ  Հալէպահայութիւնը տակաւ կ՛ապրի, ապագայի նկատմամբ, անորոշութեան եւ մտավախութեան դժուարին պայմաններու մէջ :

ՍԱՐՖը կը մնայ հաստատակամ իր ուխտին, օժանդակելու սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն մինչ դժուարին պայմանները իրենց լրումին հասնիլն ու մեր հայրենակիցներու ապահով վերադարձը իրենց ընտանեկան օճախները :

Կը տեղեկացնենք, որ վերջին օրերուն ՍԱՐՖը 100,000 ԱՄՆ տոլարի  փոխանցում մը ըրաւ «Սուրիոյ Արտակարգ Վիճակներու եւ Վերականգնումի Մարմին» ՇՏԱՊին, նպաստելու  Հալէպի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու դժնդակ պայմաններու բարեկարգման,ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ կայք գտած  սուրիահայ մեր հայրենակիցներու բնակարանային հաստատման ի տես :

Առ այդ, ՍԱՐՖի փոխանցումը 2016 ընթացիկ տարուան մէջ առ այսօր կը հաշուէ 784,000 ԱՄՆ տոլար :

ՍԱՐՖը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ նուիրատու մեր հայրենակիցներուն, որոնք  օգնութեան ձեռք երկարեցին կենաց եւ մահու մէջ ապրող, սուրիահայ մեր հայրենակիցներու կեանքի ապահովութեան ի տես. Վստահ ենք, որ մեր նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը տակաւ պիտի շարունակուի յաջորդող շաբաթներու եւ ամիսներու ընթացքին :

Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք փոխանցել՝ ՍԱՐՖի նամակատուփ  P.O.Box 1948,Glendale,CA 91209 եւ կամ ՍԱՐՖի www.syrianarmenianrelieffund.org կայքէջով :

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Գործադիր Մարմին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment