Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսիա, ԱՄՆ-ը եւ Ֆրանսա Կոչ Ըրած են Ալիեւին եւ Սարգսեանին Վերադառնալ՝ Բանակցութիւններու Սեղան

Ռուսիա, ԱՄՆ-ը եւ Ֆրանսա Կոչ Ըրած են Ալիեւին եւ Սարգսեանին Վերադառնալ՝ Բանակցութիւններու Սեղան

by MassisPost

Համպուրկ կայացող ԵԱՀԿ նախարարական հանդիպման Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լավրով, Միացեալ Նահանգներու պետքարտուղար Ճոն Քերրի  եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էրո յայտարարութիւն տարածած են, նշելով, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը պէտք է «ճկունութիւն ցուցաբերեն եւ վերադառնան բանակցութիւններու սեղան»: Լավրով, Քերրի եւ Էրո պատրաստակամութիւն յայտնած են հիւրընկալել երկու նախագահներու հանդիպումը, «երբ անոնք պատրաստ ըլլան»:

«Եթէ բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջընթաց չարձանագրուի, նոր բախումներու հաւանականութիւնը պիտի շարունակէ աճիլ, եւ կողմերը պիտի կրեն անոր ամբողջ պատասխանատուութիւնը»,- զգուշացուցած են անոնք:

Անոնք գնահատականներ հնչեցուցած են ապրիլեան իրադարձութիւններուն վերաբերեալ. «Այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, եւ քաղաքացիական անձանց շրջանակէն ներս զոհերու եւ վիրաւորներու համար որեւէ արդարացում չկայ: Մենք նաեւ տեղեակ ենք ապրիլին մարտի դաշտին մէջ տեղի ունեցած վայրագութիւններուն մասին եւ խստագոյնս կը դատապարտենք անոնք»:

Համանախագահ երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները կողմերուն յիշեցուցած են, որ «կարգաւորումը պէտք է հիմնուի Հելսինկեան եզրափակիչ գործարքի սկզբունքներուն վրայ, մասնաւորապէս՝ ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման հաւասար իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ համանախագահող երկիրներու նախագահներու առաջարկած յաւելեալ տարրերու վրայ, այդ կարգին` Լեռնային Ղարաբաղի յարակից տարածքներու վերադարձ ատրպէյճանական վերահսկողութեան ներքեւ, Լեռնային Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակ, որ կ’ապահովէ անվտանգութեան եւ ինքնակառավարման երաշխիքներ, Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին միացնող միջանցք, Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակը սահմանող իրաւականօրէն պարտադիր կամարտայայտութիւն, ներքին տեղահանուած բոլոր անձանց եւ փախստականներու վերադարձ իրենց նախկին բնակութեան վայրեր եւ միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներ, որոնք կը ներառնեն խաղաղապահ գործողութիւն»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment