Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Կաշառակերութեան Վերաբերեալ Յանձնառութիւններուն Կէսը չէ Կատարած,- ԵՄ դեսպան

Հայաստանը Կաշառակերութեան Վերաբերեալ Յանձնառութիւններուն Կէսը չէ Կատարած,- ԵՄ դեսպան

by MassisPost

Կաշառակերութիւնը Հայաստանի մէջ, կը կրէ համակարգային բնոյթ։ Հայաստանցիներու կարծիքով՝ ամենակաշառակերը պետական պաշտօնեաներն են, հարկային մարմիններն ու նախագահի աշխատակազմը։ Կաշառակերութեան դէմ պայքարը գերխնդիր յայտարարած են Հայաստանի գրեթէ բոլոր կառավարութիւնները։

2015-ին Հայաստանի կառավարութիւնը աչքի ինկած է կաշառակերութեան դէմ չպայքարելու ցանկութեամբ։ Արձանագրած է Եւրամիութիւնը։ ԵՄ-ը ամէն տարի 50 միլիոն եւրօ կը տրամադրէ Հայաստանին, նաեւ կաշառակերութիւնը վերացնելու  նպատակով, սակայն իշխանութիւնը կը մնայ անդրդուելի։

Հայաստանի ԵՄ Պատուիրակութեան ղեկավար Պիոթըր Սվիտալսկին նշած է. «2015-ին Հայաստանի կառավարութիւնը կաշառակերութեան դէմ պայքարի յանձնառութիւններուն կէսը չէ կատարած։ Այդ պատճառով չենք կրցած գումարի միւս մասն ալ վճարել։ Յոյս ունինք, որ յաջորդ տարիներուն անոնք կը կատարուին»։

Հայաստանի իշխանութիւնները կաշառակերութեան դէմ պայքարելու խոստում տուած են նաեւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու՝ ՄԱԿ, ԳՐԵԿՈ, Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութիւն։ «Թրանսփերընսի ինթըրնեշնլ» հակակաշառակերութեան կեդրոնի փորձագէտ Խաչիկ Յարութիւնեանը ըսած է. «Իրաւական ակտերի ընդունումը միայն բաւական չէ, կարեւորը դրա ինպլեմենտացիան է՝ կատարումը։ Ինչպէ՞ս է այդ իրաւական ակտը գործադրուում պրաքտիք կեանքում, արդեօ՞ք այնպիսի ջանքեր են գործադրուում, որ տայ իրական արդիւնք»։

Կաշառակերութեան դէմ կառավարութիւնն ու հասարակութիւնը միասին պէտք է պայքարին։ Փիոթըր  Սվիտալսկին մեկնաբանած է.  «Կաշառակերութեան դէմ պայքարին հասարակութեան ջանք չի թափելը շատ բացասական երեւոյթ է։ Ձայն վաճառելը ծիծաղելի՝ 10 կամ 20 հազար դրամ գումարի դիմաց, անընդունելի է։  Ձեր երկրի ապագան այդ գումարէն թանկ կ’արժէ։ Միշտ չէ, որ կարելի է մեղադրել բարձրագոյն պաշտօնեաներուն»։

Վարուժան Հոկտանեանը առանձնացուցած է հակակաշառակերութեան պայքարի յաջողութիւն խոստացող կարեւոր քայլեր։ «Անպատժելիութեան մթնոլորտի վերացումը առաջին քայլն է։ Այնտեղ, որտեղ կայ անպատժելիութիւն, կաշառակերութեան դէմ պայքարել անիմաստ է։ Երկրորդ բաղադրիչը հանրային ֆինանսների կառավարման ոլորտում բարեփոխումները պէտք է լինեն։ 3-ը տեղեկատուութեան մատչելիութեան եւ ազատութեան խնդիրն է, 4-ը քաղաքացիներին օժտելն է իշխանութիւնների վրայ ազդելու ունակութեամբ։ Կարեւոր է նաեւ միջազգային սողանցքների փակումը»։

«Թրանսփերընսի ինթըրնեշնլ»-ը նաեւ արձանագրած է՝ կաշառակերութիւնը աւերիչ ազդեցութիւն ունեցած է Հայաստանի անվտանգութեան համակարգին վրայ, որ պարզ դարձաւ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ։ Իսկ Էրեբունիի ՊՊԾ գունդի իրադարձութիւնները վեր հանեցին անվստահութիւնն ու կուտակուած ցասումը իշխանութիւններուն նկատմամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment