Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Deutsche Welle-ի Տեղեկատուութիւնը Հայաստանէն Ուղեղներու Արտահոսքի Մասին

Deutsche Welle-ի Տեղեկատուութիւնը Հայաստանէն Ուղեղներու Արտահոսքի Մասին

by MassisPost

Ամառնային Երեւանի փողոցները լեցուն են մարդոցմով, ինքնաշարժներու հոսքի արդիւնքով խցանումներ են, բայց չնայած այս պատկերին՝ երբեք ոչ ոք չի գուշակէր, թէ ինչ խնդրի բախած է Հայաստանը: Այս մասին ըսուած է յետխորհրդային երկիրներու ուղեղներու արտահոսքի մասին գերմանական «Deutsche Welle»-ի պատրաստած լրատուական տեղեկատուութեան ընթացքին:

Անոր մէջ նշուած է, որ Հայաստանի բնակչութիւնը շարունակաբար կը նուազի: Կը հեռանան անոնք, որոնց կարիքը Հայաստանը առանձնապէս ունի՝ կրթուած երիտասարդները: Անոնցմէ մէկն ալ տեղեկատուութեան 26 ամեայ հերոսուհի Անահիտն է, որ կը պատրաստուի Լեհաստան մեկնիլ՝ նախագիծի մը շուրջ աշխատելու: «Ես սիրում եմ իմ երկիրը, բայց մի շարք խնդիրներ կան, որոնց պատճառով չեմ ուզում մնալ»,- ըսած է ան:

Հետազօտական կեդրոնի մէջ աշխատող Անահիտի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ իսկապէս դժուար է կեանքի ընթացքին որոշակի նպատակներու հասնիլ: «Ընկերներս հեռացել են. կէսը՝ Ռուսաստան, միւս կէսը՝ տարբեր երկրներ: Այստեղ բաւական միայնակ եմ զգում»,- նշած է ան:

Տեղեկատուութեան հեղինակները ընդգծած են, որ վերջին տարիներուն արտագաղթի ալիք նկատուած է, եւ երկիրը լքող հայերու թիւը կը շարունակէ աճիլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment