Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Տանըլտ Թրամփ եւ Սլէյման Ք. Ֆրանժիէ

Տանըլտ Թրամփ եւ Սլէյման Ք. Ֆրանժիէ

by MassisPost
Յարութ Տէր Դաւիթեան        
 
Տանըլտ Թրամփի անունը վստահաբար ծանօթացման պէտք չունի: Սկիզբէն ի վեր ան միշտ ալ հետամուտ եղած էր իր բոլոր գործարքներուն ընդմէջէն իր անունին պանծացման: Ա.Մ.Ն.ի նախագահական ընտրարշաւն ու իր ընտրուիլը աւելի խօսիլ տուին  իր մասին: Բայց Սլէյման Քապալան ֆրանժի՞է, ո՞վ է ան, պիտի ըսեն Լիբանանի պատմութեան անծանօթները: Այս յօդուածը չի գրուիր անոնց համար, այլ՝ ծանօթ եղողներուն համար, պարզապէս վերյիշողութեան գծով հետաքրքրական զուգահեռներ նշելու երկուքին միջեւ: Թերահաւատներ կրնան տարակուսիլ, թէ կարելի՞ է այս երկուքին բաղդատականը ընել, երբ հսկա՜յ տարածութիւն մը կը բաժնէ թէ՛ զիրենք եւ թէ՛ Ա.Մ.Ն.-ն ու Լիբանանը: Մենք նշենք եւ ընթերցողը թող դատէ:
 
1.      Երկուքն ալ իրենց երկիրներու նախագահ ընտրուեցան քաղաքական պայմաններով յղի մթնոլորտի մէջ, որ կրնար երկրի ուղղութիւնը մեծ փոփոխութիւններու ենթարկել:
2.      Երկուքին ալ ընտրութիւնը անսպասելի էր: Թրամփի պարագային պէտք չենք տեսնէր կրկնելու այն ինչ որ կը լսենք շաբաթներէ ի վեր: Բայց քանի որ 46 տարիներ անցած են Ֆրանժիէի ընտրութիւնէն, կ’արժէ միայն վերյիշեցնել, որ Լիբանանի խորհրդարանի 99 երեսփոխանները մեծ ճնշումներու տակ գտնուելով հանդերձ, մի քանի քուէարկութիւններէ անցան մինչեւ որ Ֆրանժիէ յաղթական դուրս եկաւ քուէներու 50-49 համեմատութեամբ: Չմոռնանք, որ այդ քուէներէն մին նոյնինքն երեսփոխան Ֆրանժիէի քուէն էր, որ զինք դարձուց նախագահ Ֆրանժիէ:
3.      Ա.Մ.Ն.ի նախագահական ընտրութիւնէն անցած են 18 օրեր եւ տակաւին առարկութեան փորձեր կան չվավերացնելու Թրամփի ընտրութիւնը, նկատի առնելով նաեւ այն փաստը, որ ան չշահեցաւ ժողովրդային քուէն: Ֆրանժիէի պարագային ալ, խորհրդարանի նախագահ՝ Սապրի Համատէն դուրս եկաւ խորհրդարանէն առանց վավերացնելու ընտրութիւնը, բայց փոխ-նախագահ՝ Միշէլ Սասինը ի պաշտօնէ իր վրայ առաւ վաւերացման պարտականութիւնը:   
4.      Թրամփի յաղթանակին կարեւոր ազդակներէն մին երկու ընտրաշրջաններէ (8 տարիներէ) ի վեր տիրող իշխանութիւնը փոխելու ցանկութիւնն էր, չուզելով Հիլըրի Քլինթընի ընտրութեամբ անոր շարունակութիւնը : Ֆրանժիէի պարագային ալ այդ ազդակը մեծ դեր խաղաց, ձերբազատուելու համար երկու ընտրաշրջաններէ (12 տարիներէ) ի վեր տիրող Շեհապական վարչակարգէն, չուզելով Իլիաս Սարգիսի ընտրութեամբ անոր շարունակութիւնը:
5.      Թրամփի անձնաւորութեան մասին կը լսենք թէ ան անձնապաշտ, դիւրաբորբոք, սպառնացող, ոխակալ եւ զինք քննադատողներու հանդէպ անգութ է:  Նոյն յատկանիշներն ալ Ֆրանժիէն ունէր: Մինչ Թրամփ սպառնալիքներով եւ դրամի ուժով կը  փորձէր իր հակառակորդները զգետնել, Ֆրանժիէ չվարանեցաւ դիմելու զէնքի ուժին, ձերբազատուելու համար իր հակառակորդներէն, նոյնիսկ եկեղեցիի նման սրբավայրի մէջ:
6.      Թրամփի ընտրական լոզունգն էր՝ «Ամերիկան դարձեալ Մեծ դարձնել» (Make America Great Again): Այսինքն՝ Ամերիկան շահագործող ներքին թէ արտաքին ուժերուն դասը տալ: Ֆրանժիէի լոզունգն էր՝ «Հայրենիքս միշտ իրաւացի է» (Ուաթանի տաիմէն աալա հաք): Այսինքն՝  օտարը ինչ ալ ըսէ, արժէք չունի: Թէ՛ Թրամփի «Ամերիկա»ն եւ թէ՛ Ֆրանժիէի «Հայրենիք»ը, ազգայնական ընդհանուր քօղի տակ, տարբեր ձեւով կ’ընկալուէին իրենց երկիրները  բաղկացնող տարբեր շերտերուն կողմէ:
7.      Թրամփ առատաձեռն խոստումներ բաժնեց եւ մեծ ակնկալութիւններ ստեղծեց: Ֆրանժիէն ալ նոյնպէս վարուեցաւ, նոյնիսկ ապահովցնելով քաղաքացիները, որ իրենց դռները բաց կրնան հանգիստ քուն քաշել:
 
Ֆրանժիէի իշխանութեան վերջընթեր տարին պայթեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, իր քայքայիչ հետեւանքներով: Մաղթենք, որ Թրամփի իշխանութեան տարիներուն, Ամերիկան նահանջ չարձանագրեր աշխատաւորական դասի, փոքրամասնութեանց իրաւունքներու, կնոջական իրաւասութեանց, քաղաքացիական իրաւունքներու եւ այլ մարզերու մէջ արձանագրուած նուաճումներէն:  

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment