Լոս Անճելոսի եւ շրջակայքի հայութիւնը «Անասեանական գեղարուեստական երեկոյ»ի մը վայելքն ապրեցաւ Նոյեմբերի 20ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Գարամանուկեան սրահին մէջ: Արդարեւ, այդ երեկոյ աւելի քան 200 գրասէր հասարակութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ ճանչցուած երգահան, խմբավար, գրող եւ հասարակական գործիչ Հենրիկ Անասեանի վերջին հատորի («Ա’յս եմ ես…» շնորհանդէսը:
Գալիֆորնիոյ Գրողներու Միութեան անունով բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Յ. Նալապանտեան: Ան յայտնեց որ միութեան նորակազմ վարչութեան նախագահ ընտրուած է Հենրիկ Անասեանը: Միութիւնը կը ծրագրէ վերաշխուժացնել իր գործունէութիւնը, որուն ծիրէն ներս ընդգրկուած է այսօրուան միջոցառումը:
Օրուան առաջին բանախօսն էր անուանի հայագէտ փրոֆէսոր Արտեմ Սարգսեանը: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց Հենրիկ Անասեանի «Ա’յս եմ ես…» գրական շարքի 6րդ հատորը: Արժեւորելով հեղինակի այս նոր գիրքը ան գնահատեց անոր առանձնայատկութիւնները, լեզուի, ոճի պարզութեան ու մատչելիութեան, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական արժանիքները: Անասեանի մէջ նկատեց զուգահեռ տաղանդներ երաժշտական եւ գրական ասպարէզներու մէջ:
Հենրիկ Անասեանի գրական գործերէն «Որսկան Ախպեր» պատմուածքի ընթերցումը կատարեց Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնի երբեմնի դերասան Յարութիւն Ֆոտուլեանը:
Ծանօթ գրագիտուհի Լիլիթ Քեհեանը խօսք առնելով նշեց որ կարդալէ ետք Անասեանի 6րդ հատորը գովասանքով պէտք է այտայայտուիլ հեղինակի նկարագրած դրուագներուն, հայրենաշունչ գրելաոճին, գեղարուեստկան բարձր ճաշակին ու այլ արժանիքներուն մասին:
Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան բանաստեղծ Գէորգ Քրիստինեան, Մաշտոց Գոլէճի նախագահ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանի տնօրէնուհի եւ հայրենի յայտնի մտաւորականուհի Տիկ, Յասմիկ Կարապետեան: Վերջին երկու անձերը իրենց բարեմաղթութիւնները յայտնելէ ետք նշեցին որ յառաջիկայ 2017ին ամրան, կը ծրագրեն նշել Գալիֆորնիոյ Հայ Գրողներու Միութեան նախագահ Հենրիկ Անասեանի ծննդեան 80 եւ ստեղծագործական-կատարողական գործունէութեան 60 ամեայ յոբելեանը:
Այս փառաշուք երեկոյի գեղարուեստական ճոխ բաժինին Անասեանի յօրինած երգերու կատարումներով իրենց մասնակցութիւնը բերին շնորհալի երգիչներ Կարինէ Գէորգեան «Սէրն է գալիս», Հերմինէ Ամիրեան «Էն Հաւքերՙ եւ «Ափսոսանքՙ, Մարալ Բարսեղեան «Աղաւնիներՙ եւ «Սէրը» եւ Արամ Անասեանը «Ափ մը Հող»: Բոլոր կատարումներուն դաշնամուրով կ’ընկերակցէր փրոֆ. Լեւոն Աբրահամեանը:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ օրուան մեծարեալը Հենրիկ Անասեան: Ան մէկ առ մէկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս յիշատակելի միջոցառումի բոլոր մասնակիցներուն, միաժամանակ խոստանալով իր ծառայութիւնը շարունակել ի սպաս եւ փառաւորումն հայ մշակոյթին: Ապա յայտարարեց իր զաւկին Արամի ելոյթը` «Գուսանի Երգը», Արմէն Տիգրանեանի «Դաւիթ Բեկ» օփերայէն:
Վարձքդ կատար սիրելի մաեսթրօ: