Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Տարօն Աճեմօղլու. Թուրքիոյ Տնտեսութիւնը Կրնայ Փլուզուիլ

Տարօն Աճեմօղլու. Թուրքիոյ Տնտեսութիւնը Կրնայ Փլուզուիլ

by MassisPost

Թուրքիոյ տնտեսութիւնը յառաջիկայ երկու տարիներու ընթացքին կրնայ փլուզուիլ, եթէ քաղաքական գործիչները Արեւմուտքին չ’ապացուցեն, որ թրքական տնտեսական մօտելը վստահութիւն կը ներշնչէ: Այս մասին «Hurriyet»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է տնտեսագէտ, Մասաչուսէթսի  համալսարանի փրոֆէսոր Տարօն Աճեմօղլուն:

Հայազգի տնտեսագէտի պնդմամբ` «Թուրքիան իր արտաքին քաղաքականութիւնը ձեւաւորում է ներքաղաքական իրողութիւններից ելնելով, ինչը լաւ չէ նաեւ տնտեսութեան համար»:

Տնտեսական զարգացումը երկրի մէջ մամուլի ազատութեան առկայութեան հետ նոյնպէս փոխկապակցուած է, նշած է Աճեմօղլուն: «Երկարաժամկէտ զարգացման համար մրցակցութիւնն ու թափանցիկութիւնը շատ կարեւոր են: Այդ նպատակներին շատ դժուար է հասնել երկրներում, որտեղ մամուլի ազատութիւն գոյութիւն չունի: Այդ դէպքում աճում է մենաշնորհների ի յայտ գալու, դատական համակարգի կոռուպացուածութեան եւ բռնապետութեան ձեւաւորման վտանգը», – շեշտած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment