Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի յայտարարութիւններէն յետոյ աւելցած է Հայաստանի մէջ ներդրում կատարելու ցանկութիւն ունեցող սփիւռքահայերու թիւը, ըսաւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:
«Իմ վերջին շփումների արդիւնքում արձանագրել եմ, որ շատերի մօտ իրօք կայ վստահութեան աճ, կայ ոգեւորութիւն, մտածում են գալ ու այստեղ ներդրումներն ակտիւացնել: Տայ Աստուած, որ դա իրականանայ»,- ըսաւ նախարարը: Ան աւելցուց, որ վարչապետի յայտարարութիւնները, պահանջներն ու ծրագրերը ճշգրտութիւն մտցուցած են եւ այդ յայտարարութիւններէն յետոյ աշխուժութիւն նկատուած է:
Հրանուշ Յակոբեան յայտնեց, թէ այսօր անոնք կը տեսնեն հարցադրումներ, օրէնքներու, կարգերու, մօտեցումներու փոփոխութիւն, իսկ այդ իրենց աւելի սրտամօտ է:
Հրանուշ Յակոբեանը նաեւ աւելցուց, որ սփիւռքահայերը կը հետեւին իր կոչին ու գումարներ կը դնեն հայաստանեան դրամատուներուն մէջ: «Դնում են, որովհետեւ իրենք շահ են ստանում, հենց այնպէս չեն դնում: Ժամանակին, երբ յայտնի աղմուկն էր, հենց այդ ժամանակ իրենք արդէն գալիս ու դնում էին, որովհետեւ դա մեծ օգուտ էր»,- ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ իրենք տեղեակ են, որ յատկապէս ԱՄՆ-էն ու Գանատայէն շատերը գումարներ կը դնեն հայաստանեան դրամատուներուն մէջ: