Այսօր արեւածագին քրտամէտ HDP կուսակցութեան 11 անդամներ ձերբակալուած են: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը փոխանցեն, որ ձերբակալուած են HDP-ի համանախագահներ` Սալահ Էլ Տին Տէմիրթաշը, Վիկէն Եուքսէկտաղը եւ ինը այլ պատգամաւորներ: Իշխանամէտ «Տէյլի Սապահ»ը այս մասին լուր մը հրապարակելով գրած է, թէ քիւրտ գործիչերը ձերբակալուած են PKK խմբաւորման հետ կապ մը ունենալու նախնական մեղադրանքով: Իր կարգին Տէմիրթաշ Twitter-եան գրառում մը ընելով գրած է, թէ իրեն ձերբակալած են խուզարկելէ ետք Տիարպէքիրի իր բնակարանը:
«Արեւելք» կայքէջը այս առումով կապ հաստատած է Պոլսոյ իր աղբիւրին հետ, որուն փոխանցմամբ հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանի անունը չկայ ձերբակալեալներուն մէջ: Նշենք, որ այս մասին նոյնպէս գրառում կատարած է Պոլսահայ լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս եւ Փայլանի օգնականներէն Թամար Նալճը: Իր կարգին HDP կուսակցութիւնը Twitter–եան իր էջով միջազգային հանրութիւնէն պահանջած է միջամտել, տեղի ունեցածը համարելով անընդունելի: