Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամերիկեան Ընտրութիւններն ու Հայաստանը

Ամերիկեան Ընտրութիւններն ու Հայաստանը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու քաղաքական վերլուծաբաններու կարծիքով, 8 Նոյեմբերին կայանալիք ԱՄՆ-ի նախագահի ընտրութիւններու արդիւնքները որոշակի ազդեցութիւն կ′ունենան Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ Ուաշինկթընի քաղաքականութեան վրայ: Նախկին դեսպան, Աթլանթեան Խորհուրդի վերլուծաբան Ճօն Հերբսթի խօսքով, Հիլարի Քլինթընը նախագահ դառնալու պարագային կրնայ նոր շունչ հաղորդել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն.

«Ինչ վերաբերում է Լեռնային Ղարաբաղին, կարծում եմ պետքարտուղար Քլինթընը հետաքրքրուած կը լինի վերահաստատել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը: Դա, անշուշտ, նրա առաջնահերթութիւնը չի լինի, սակայն, համոզուած եմ, մենք քաղաքականութեան թարմացում կը տեսնենք, որն իմ կարծիքով նպաստաւոր կը լինի Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար»:

Տոնալտ Թրամփի Հարաւային Կովկասի շուրջ մօտեցումները վերլուծաբանին անյայտ են:

Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդի աւագ վերլուծաբան Սթիվըն Պլանքի խօսքով, անկախ անկէ, թէ ով կը յաղթէ Նոյեմբերին ԱՄՆ-ի, Սպիտակ Տան անհրաժեշտ է ուշադրութիւն դարձնել Հարաւային Կովկասի վրայ.

«Միացեալ Նահանգները պէտք է լրջօրէն ակտիվացնի յարաբերութիւնները այս տարածաշրջանի բոլոր պետութիւնների հետ, որն իր մէջ է ներառում Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորմանն ուղղուած լուրջ ջանքեր»:

Մինչ վերլուծաբանները կը քննարկեն իւրաքանչիւր թեկնածուի յաղթանակի հետեւանքները, իրենք թեկնածուները նախընտրական այս վերջին օրերուն կը փորձեն կեդրոնանալ միմիանց ամենախոցելի կէտերու վրայ:

Ճորճ Ուաշինկթընի համալսարանի վերլուծաբան Մեթիու Տալեքի կարծիքով, այս նախընտրական շրջանը իւրօրինակ էր Միացեալ Նահանգներուն համար.

«Այս քաղաքական պայքարը կեդրոնացած է հիմնականում թեկնածուների անձնական յատկանիշների, այլ ոչ ծրագրերի վրայ»:

Յատկանշական է, որ թեկնածուներէն իւրաքանչիւրը ունի ոչ միայն մեծ թիւով աջակիցներ այլեւ՝ բուռն հակառակորդներ, կը նշէ Արեւմտեան Վիրժինիայի համալսարանի վերլուծաբան Փաթրիք Հիքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment