Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայաստան» Հիմնադրամը Մեկնարկած է SMS Նուիրատուութիւններով Դրամահաւաք

«Հայաստան» Հիմնադրամը Մեկնարկած է SMS Նուիրատուութիւններով Դրամահաւաք

by MassisPost

«Իմ Արցախը» խորագիրը կրող Հեռուստամարաթոն 2016-ին ընդառաջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 1 նոյեմբերէն կը մեկնարկէ sms հաղորդագրութիւններով դրամահաւաք:

Ուղարկելով SMS 8000 կարճ համարին կամ զանգելով 090008000 համարին՝ հայաստանեան ընկերութիւններու բաժանորդները կրնան 300 դրամով աջակցիլ արցախեան համայնքներուն: Հաւաքուած գումարները կը յատկացուին Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեանն ու պաշտպանութեան ուղղուած միջոցառումներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի բազմազաւակ ընտանիքներու համար առանձնատուներ կառուցելուն: Այս նպատակով դրամահաւաքներ կ’իրականացուին նաեւ Արցախի եւ սփիւռքի մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment