Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Համագաղութային Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ Ժագ Յակոբեանի Ծննդեան 100 եւ Գրական Վաստակի 80 Ամեակը

Համագաղութային Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ Ժագ Յակոբեանի Ծննդեան 100 եւ Գրական Վաստակի 80 Ամեակը

by MassisPost

Կիրակի, Հոկտեմբեր 30ին, Հարաւային Գալիֆորնիոյ մշակութասէր հայ հասարակութիւնը պատմական բացառիկ օր մը ապրեցաւ, ուր պատշաճ մակարդակով նշուեցաւ արդի բանաստեղծութեան երիցագոյն ներկայացուցիչ Ժագ Յակոբեանի ծննդեան 100 եւ գրական վաստակի 80 ամեակը, Կլենտէյլի Փրէսպիթերիան եկեղեցւոյ մէջ:

Արդարեւ, Մաշտոց գոլէճի կողմէ նախաձեռնուած յոբելինական հանդիսութեան կազմակերպումին իրենց աջակցութիւնը բերած էին գաղութի հայ համայնքի բոլոր յարանուանութիւններն ու գլխաւոր մշակութային եւ հայրենակցական միութիւնները, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ հիւպատոսութեան:

Միջոցառումն սկսաւ ԱՄՆի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ եւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արքեպս. Մարտիրոսեանի աղօթքով:

Կազմակերպիչ մարմնի անունով օրուան հանդիսավար Մաշտոց Գոլէճի նախագահ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիաեան, իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ողջունեց ներկաներն ու յատկապէս յոբելեար Ժագ Յակոբեանը, որ այսօր մեզի կը ներկայանայ ստեղծագործական պատկառելի վաստակով մը:

Ծանօթ հայագէտ Դոկտ. Փրոֆ. Արտիոմ Սարգիսեան իր ելոյթին մէջ բարձր գնահատեց Ժագ Յակոբեանի ստեղծագործութիւնները, շեշտելով որ իւրայատուկ երաժշտութիւն մը կայ իր բոլոր գործերուն մէջ:

Իր սրտի խօսքին մէջ The Armenian Observer շաբաթաթերթի հիմնադիր-տնօրէն Օշին Քէշիշեան նշեց բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի ստեղծագործական արժանիքները, որպէս հայաշունչ եւ հոգեշունչ գործեր ստեղծող եւ նոր բառեր յօրինող եւ ըսելիք ունեցող անձ մը:

Բանաստեղծուհի Վեհանուշ Թէքեանի (Նիւ Ճըրզի) եւ Դոկտ.  Հրանդ Մարգարեանի ողջոյնի խօսքերը կարդաց յատկապէս Նիւ Եորքէն ժամանած Ժան Պզտիկեան:

Լոս Անճելոսի Հայաստանի աւագ հիւպատոսի փոխանորդ Տիար Վալերի Մկրտումեան ջերմ խօսքերով ողջունելէ ետք օրուան յոբելեարը ներկաներուն փոխանցեց Սփիւռքի նախարարութեան որոշումը որով Ժագ Յակոբեանը կը պարգեւատրուի «Ուիլիըմ Սարոյեան» շքանշանով:

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Լոս Անճելոս գաւառի վերակացու Մայք Անթոնովիչ եւ Լոս Անճելոսի քաղաքապետարանի հայ անդամ Փոլ Գրիգորեան, որոնք միաժամանակ շնորհաւորական պաշտօնական հռչակագիրներ յանձնեցին ժագ Յակոբեանին:

Փասատինայի Սահակ Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի աշակերտները գեղարուեստական փոքր յայտագրով մը հանդէս գալով թէ երգեցին եւ թէ արտասանեցին հատուածներ Ժագ Յակոբեանի ստեղծագործութիւններէն:

Ներկայացուեցաւ տեսաերիզ մը, որուն մէջ կային Ժագ Յակոբեանի կեանքէն առնուած դրուագներ:

ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ողջոյնի խօսքը կարդաց Հոգշ. Տ. Տաճատ Ծ. Վարդ. Եարտմեան: Իսկ Հայր Անտոն Վրդ. Նորատունեան կարդաց Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ Գերպ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի շնորհաւորական գրութիւնը: Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան անունով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Վեր. Ճօ Մաթոսեան, իսկ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան անունով` Լեւոն Ֆիլիան:

Իրենց սրտի խօսքերով հանդէս եկան նմանապէս Յարութ Տէր Դաւիթեան (Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն), Արա Ահարոնեան (Թէքէեան Մշակութային Միութիւն), Յովսէփ Նալպանտեան (Գալիֆորնիոյ Հայ Գրողներու Միութիւն) եւ Մակի Ծաղիկեան (Համազգային Մշակութային Միութիւն):

Գաղութիս սիրուած արուեստագիտուհի Թագուհի Արզումանեան իւրայատուկ ապրումով արտասանեց Պարոյր Սեւակի եւ Ժագ Յակոբեանի բանաստեղծութիւններէն:

Գործադրուեցաւ օրուան պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը, մասնակցութեամբ շնորհալի երգիչներ Ռաֆֆի Գերպապեանի, Կարօ Սիւլահեանի, Սալբի Քէլէշեանի եւ Մարալ Բարսեղեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Փրոֆ. Լեւոն Աբրահամեանի:

Հետաքրքրական երեւոյթ մըն էր Ժօրժ, Փաթիլ եւ Սարէն Տաղլեան երրեակի (դաշնամուր, սրինգ, ջութակ) խոստմնալի նուագակցութիւնը, ինչպէս նաեւ «Փաթիլ» համոյթի հայկական պարի կատարումը:

Կարդացուեցաւ տարբեր վայրերէ ստացուած շնորհաւորական հեռագիրներ, մասնաւորաբար նախկին կառավարիչ Ճորճ Տէօքմէճեանէն եւ այլ անձնաւորութիւններէ:

Ժագ Յակոբեանի նուիրուած սոյն հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արքեպս. Մարտիրոսեանի ելոյթով: Ան վկայութիւններով արժեւորեց տաղանդաշատ բանաստեղծի ստեղծագործական արժանիքները, մասնաւորաբար հոգեւոր գրականութեան մարզին մէջ: Այնուհետեւ, ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի հայրապետական օրհնութեան գիրը, որով արեւշատ եւ երկար տարիներ կը մաղթէ Ժագ Յակոբեանին:

Յայտագրի վերջաւորութեան խօսք առաւ յոբելեար Ժագ Յակոբեան եւ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք երեկոյի կազմակերպիչներուն, յայտագրի մասնակցողներուն ու ներկայ հասարակութեան` յարեց «Փառք կու տամ Աստուծոյ այն ինչ որ եմ` միայն Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքով եմ»:

***************

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Ողջոյնի Խօսքը

Յարգարժան Կազմակերպիչ Յանձնախումբ,
Ժագ Ս. Յակոբեանի
Ծննդեան 100րդ եւ Գրական Վաստակի 80րդ Տարեդարձներուն

Ապրիլ 100 տարիներ եւ ստեղծագործել 80 տարիներ, իսկապէս որ օրհնառատ վաստակ է: Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը ակնածանքով եւ հիացումով կը շնորհաւորէ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանը, բարեբաստիկ այս զոյգ տարեդարձներուն առթիւ:

Աշխարհ եւ տիեզերք Արարիչի ստեղծագործութիւնն են: Անոր պատկերով ստեղծուած մարդն ալ, երբ իր հերթին կը ստեղծագործէ տաղեր, կը դառնայ բանաստեղծ: Ու տարիներու թաւալքին հետ, տաղանդաշատ բանաստեղծը կը հաստատէ իր ինքնուրոյնութիւնը: Արդեօ±ք Երուսաղէմի մէջ ծնած ըլլալու հանգամանքն էր, որ կանուխ տարիքէն բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի մէջ արմատաւորեց Աստուածահաճոյ եւ հոգեկեդրոն կեանք մը ապրելու եւ աւետելու կարեւորութիւնը: Ան աւետեց, որ հոգեղէնը աւելի հիմնական ու տեւական է, քան` մարմնեղէնը: Որ տեսանելի բարի արարքներու հիմքը, շատերու համար անտեսանելի եղող հոգեղէնն է: Որ հոգեղէնը շատ աւելի հոյակապ ու շատ աւելի տարածուն է, քան` տիեզերքի հրապոյրն ու անծայրածիրութիւնը:

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանին կը մաղթէ քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն, ցանկանալով իր պատգամներուն տարածումն ու ընկալումը հայ ժողովուրդին կողմէ:

Խորին Յարգանքներով`
Յարութ Տէր Դաւիթեան
Ատենապետ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment