Հայ փորձագէտներու գնահատմամբ, դէպի ՌԴ հայաստանցիներու հոսքը չէ նուազած, սակայն, չէ ալ աճած, կապուած՝ այդ երկրի շարունակուող տնտեսական ճգնաժամի հետ:
2016 թուականին Ռուսաստան մուտքի արգելքը վերանայելու խնդրանքով 1305 Հայաստանի քաղաքացի դիմեց ՀՀ գաղթի ծառայութիւն։ Անոնց դիմումները ուղարկուած են Ռուսաստանի համապատասխան կառոյցներ, սակայն, 1305-էն միայն 311-ի դիմումին դրական պատասխան տրուեցաւ։ Ուշագրաւ է, որ 2015- ին նման դիմումներու թիւը կազմեց 7843:
Մօտ երկու տարի առաջ Հայաստանի շուրջ 60 հազար քաղաքացիներ զրկուեցան Ռուսաստան մուտք գործելու իրաւունքէն: Ըստ որուն, ՌԴ գաղթի օրենսդրութեան խստացման հետեւանքով՝ այդ արգելքը սահմանուած է 10 տարի ժամկէտով։ Հայաստանի գաղթի ծառայութեան ղեկավար Գագիկ Եկանեանի խօսքով, այսօր «իսկապէս նուազել է» Ռուսաստան մուտքի արգելքի վերանայման դիմումներու թիւը: Եւ ոչ միայն այն պատճառով, որ յունուար՝ 2015-էն Հայաստանը դարձած է ԵՏՄ անդամ, որ կ′ենթադրէ Ռուսաստանի մէջ ՀՀ քաղաքացիներու՝ անարգել աշխատելու հնարաւորութիւն:
Ժողովրդագրագէտ Ռուբէն Եկանեանը, չի վստահիր պաշտօնական տուեալներուն: «Սկզբնական շրջանում խօսքը բաւական մեծ թուերի մասին էր»,- կը վերյիշէ ան: Ի դէպ՝ Ռուսաստանի համապատասխան գերատեսչութիւններուն մէջ վերջերս որոշ կառուցուածքային փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են․ լուծարուած է այդ երկրի գաղթի դաշնային ծառայութիւնը, գաղթականներու հարցով ներկայումս կը զբաղի ՌԴ ներքին գործերու նախարարութիւնը: Փորձագէտ Ռուբէն Եկանեանի կարծիքով՝ գաղթի հոսքը այժմ նուազած է, ինչը պայմանաւորուած է Ռուսաստանի առկայ բացասական տնտեսական գործընթացներով:
Հայաստանի գաղթի ծառայութեան կայքին տեղադրուած վիճակագրական տուեալներու համաձայն, միայն 2015-ին Ռուսաստան մեկնեցաւ 365 100 ՀՀ քաղաքացի, վերադարձաւ՝ 243 600-ը։ Միեւնոյն ժամանակ, գաղթի ծառայութեան ղեկավարի յիշեցմամբ, ՀՀ քաղաքացիներու «մի ստուար զանգուած» ունի նաեւ ՌԴ քաղաքացիութիւն: Գագիկ Եկանեանի գնահատմամբ, անոնց թիւը կրնայ հասնիլ մինչեւ 450 հազարի: Եւ այդ անձանց զգալի մասը, անոր խօսքով, տարբեր պատճառներով, Ռուսաստանէն դուրս գալու օգտագործած է ՌԴ անձնագիրը, որ անդրադարձած է պաշտօնական ցուցանիշներու ճշգրտութեան վրայ:
ՀՀ գաղթի ծառայութեան տուեալներով, Ռուսաստան եղանակային աշխատանքներու ամենաշատ կը մեկնին Հայաստանի Շիրակի մարզէն, ամենաքիչը՝ Սիւնիքէն։ Թէեւ ԵՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութենէն յետոյ զգալիօրէն դիւրացած է հայաստանցիներու մուտքը Ռուսաստան եւ այնտեղ աշխատելու հնարաւորութիւնը, տակաւին կան շարք մը բարդութիւններ, կապուած, մասնաւորապէս, յայտարարագրերու լրացման անյստակ պահանջներու հետ։