Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան, 24 Հոկտեմբերին, ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Պոպովին /ՌԴ/, Փիեռ Անտրիոյին /Ֆրանսա/, Ճէյմս Ուորլիքին /ԱՄՆ/, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Կասպշիկին եւ անոնց ուղեկցող պաշտօնեաներուն:
Հանդիպման քննարկուեցան ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սահակեանը նշեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր ապակառուցողական դիրքորոշման՝ խախտելով զինադադարի եղանակը եւ չհրաժարելով հայատեաց քաղաքականութենէն:
Երկրի ղեկավարը կարեւորեց զինադադարի եղանակի պահպանմանն ու խախտումներու վերհանման ուղղուած մեքենականութիւններու մշակման անհրաժեշտութիւնը՝ համարելով զայն խաղաղ գործընթացի առանցքային բաղադրամասերէն մէկը:
Նախագահ Սահակեանը երախտագիտութիւն յայտնեց ֆրանսացի պաշտօնաթող համանախագահ Փիեռ Անտրիոյին` ազնիւ ու արդիւնաւէտ աշխատանքին համար՝ անոր մաղթելով յաջողութիւններ կեանքի եւ հետագայ աշխատանքին մէջ: