Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՄԱԿ-ը Պատրաստ է Նիւթապէս Աջակցելու Հայաստան Եկող Սուրիահայերուն

ՄԱԿ-ը Պատրաստ է Նիւթապէս Աջակցելու Հայաստան Եկող Սուրիահայերուն

by MassisPost

Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Արման Թաթոյեան յատուկ քննարկում մը նախաձեռնած է Հայաստանի մէջ  ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիերուիրթի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ՄԻՊ աշխատակազմի լրատուական ծառայութիւնը: Հանդիպման քննարկուած են Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի արդիւնքով Հայաստան ժամանող սուրիահայերուն առնչուող, մասնաւորապէս` անոնց համար Հայաստանի մէջ բնակութեան պայմաններու ապահովման հարցով ՄԱԿ-ի աջակցութեան հետ կապուած հարցեր:

Արման Թաթոյեան կարեւոր համարած է Հայաստան գալ պատրաստուող սուրիահայերուն համար կեցութեան, ինչպէս նաեւ իրաւական խորհրդատուութեան հետ կապուած խնդիրներու առաջնահերթ կարգաւորումը, ինչպէս նաեւ քննարկուած է սպասուող նոր հոսքի պարագային սուրիահայ ընտանիքներուն ՄԱԿ-ի  փախստականներու հարցերով գրասենեակին կողմէ հնարաւոր որոշակի դրամական օժանդակութիւն տրամադրելու հարցեր:

Պիերուիրթը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցութիւն ցուցաբերելու սուրիահայ ընտանիքներուն` ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գրասենեակի իրաւասութեան ու հնարաւորութիւններու ծիրէն ներս` նշելով, որ այդ ուղղութեամբ կը տարուին համապատասխան աշխատանքներ:

Քննարկման աւարտին Պաշտպանը բարձր գնահատած է ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով հայաստանեան գրասենեակի ջանքերը` ուղղուած սուրիահայ փախստականներուն օժանդակելուն, ինչպէս նաեւ երկուստեք կարեւոր համարուած է այս հարցերով յաճախակի հանդիպումներու ու քննարկումներու անհրաժեշտութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment