Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլանը Դատական Հայց Ներկայացուց Էրտողանի Ներկայութեամբ Հայերուն Հայհոյելու Հետ Կապուած

Կարօ Փայլանը Դատական Հայց Ներկայացուց Էրտողանի Ներկայութեամբ Հայերուն Հայհոյելու Հետ Կապուած

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու Ռամկավարական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Տրապիզոնի մէջ նախագահ Էրտողանի ներկայութեամբ հայ ինքնութիւնը վիրաւորող խօսքերու համար դատական հայց ներկայացուց։

Կարօ Փայլանը իր Twitter–ի էջին տեղադրած է դատական հայցի լուսանկարը, որու մէջ նշուած է, որ Հոկտեմբեր 15–ին Տրապիզոնի մէջ նախագահ Էրտողանի ելոյթին ժամանակ հաւաքուածները հայերու դէմ թշնամանք ու ատելութիւն, վիրաւորանք պարունակող կարգախօսներ հնչեցուցած են։  «Այդ վիրաւորական կարգախօսները հնչեցնելու ժամանակ ոչ Էրտողանը, ոչ էլ նախարարները չեն միջամտել հաւաքուածներին»,– նշուած է հայցին մէջ։

Կարօ Փայլանը հայցին մէջ, որպէս վկայ նշած է Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանին ու շարք մը նախարարներու։

Նշենք, որ Հոկտեմբեր 15–ին Տրապիզոնի մէջ Էրտողանը ելոյթի ժամանակ ակնարկած է կիւլենականներուն ու քիւրտ զինեալներուն, իսկ այդ ընթացքին հաւաքուածները կը բացականչեն, թէ «հայ վիժուածները չեն կրնար թուրքերուն վախցնել»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment