Հոկտեմբեր 14, 2016-ին, Ամերիկեան հանրայայտ Delos Music ընկերութեան հրատարակութեամբ, լոյս կը տեսնէ Քանատահայ աշխարհահռչակ օփերային երգչուհի Իզապէլ Պայրագտարեանի նոր խտասալիկը, “Մայր Լուսոյ” (Mother of Light), որ կ’ընդգրկէ 17 հայկական միջնադարեան տաղեր, մեղեդիներ եւ շարականներ նուիրուած Աստուածամօր: Երգչուհիին կ’ընկերանան Coro Vox Aeterna կանացի երգչախումբը եւ թաւջութակահար Անի Ազնաւուրեանը:
Գրիգոր Նարեկացիի, Մովսէս Խորենացիի, Վարդան Արեւելցիի, Ներսէս Շնորհալիի, Կոմիտաս Վարդապետի 5-րդ դարէն սկսեալ մինչեւ 20-րդ դար երկարող ստեղծագործութիւններու մշակումները կատարած է Քանատահայ երաժիշտ Սէրուժ Գրաճեանը: Այս առաջին անգամն է որ Սբ. Աստուածածնայ նուիրուած ամենակարեւոր շարականները կը մէկտեղուին մէկ ձայնագրութեան մէջ, իսկ խտասալիկի գրքոյկը կ’ընդգրկէ շարականներու բառերը գրաբար Հայերէնով, լատինատառ Հայերէնով եւ Անգլերէնով:
Իզապէլ Պայրագտարեանը ծնած է Զահլէ, Լիբանան, ուր մանկութեան տարիներէն սկսեալ երգած է հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբին մէջ: Ընտանիքին հետ Քանատա տեղափոխուելէ ետք, յաճախած է Թորոնթոյի Համալսարանը (University of Toronto) ուր փայլուն կերպով աւարտած է կենսաբժշկական ճարտարապետութեան ճիւղը, վկայուելով որպէս Biomedical Engineer: Նոյն տարին շահած է Մեթրոփոլիթըն Օփերայի մրցոյթի առաջին մրցանակը (Metropolitan Opera National Council Auditions), իսկ երեք տարի վերջ արժանացած է Փլասիտօ Տոմինկոյի անուան համաշխարհային Օփէրալիա Մրցոյթի առաջին մրցանակին (Placido Domingo’s Operalia Competition):
Հանդէս եկած է աշխարհի կարեւորագոյն բեմերէն, ինչպէս, Նիւ Եորքի Metropolitan Opera եւ Carnegie Hall, Շիքակոյի Lyric Opera of Chicago, Los Angeles Opera, San Francisco Opera, Թորոնթոյի Canadian Opera Company, Լոնտոնի Covent Garden եւ Wigmore Hall, Փարիզի Garnier եւ Bastille, Սալցպուրկի Salzburg Festspiele, Տրէզտէնի Semperoper, Ճափոնի Saito Kinen Festival, Պարսելոնայի Gran Teatre de Liceu, գործակցելով կարեւոր երաժիշտներ, Placido Domingo-ի, Seiji Ozawa-ի, Michael Tilson-Thomas-ի, Nikolaus Harnoncourt-ի, Mariss Jansons-ի, Yo Yo Ma-ի, Pinchas Zukerman-ի եւ այլոց հետ:
Պայրագտարեանի ձայնը կը հնչէ Մատանիներու Տիրակալը Lord of the Rings: The Twin Towers ֆիլմին մէջ, (որուն համար ան շահած է Կրէմի մրցանակ) եւ Աթոմ Էկոյեանի Արարատ ֆիլմին մէջ: “Երկար ճանապարհ դէպի տուն” վաւերագրական ժապաւէնը կը պատմէ Հայաստան տուած իր առաջին այցելութեան մասին, իսկ BBC-ի նկարահանած Holocaust- A Music Memorial from Auschwitz ֆիլմին մէջ, Պայրագտարեան Աուշվիցի մէջ կը կատարէ Հրէական Ողջակիզման զոհերուն նուիրուած Henryk Gorecki-ի ստեղծագործութիւնը:
Իզապէլ-ը արժանացած է 4 յաջորդական Juno մրցանակներու եւ Էլիզապէթ Թագուհիի Անուան Մետալներուն: Քանատայի Ուիլֆրիտ Լորյէ Համալսարանը (Wilfrid Laurier University) Պատուաւոր Դոկտորի կոչում շնորհած է իրեն: Համերգային շրջագայութիւններու հետ մէկտեղ, ան կը դասաւանդէ University of California Santa Barbara (UCSB) համալսարանին մէջ, որպէս երաժշտութեան փրոֆեսոր: