Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճան Վշտացած է Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Մասին Ճան Քերրիի Յայտարարութիւնեն

Ատրպէյճան Վշտացած է Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Մասին Ճան Քերրիի Յայտարարութիւնեն

by MassisPost

Ատրպէյճանի մէջ չեն ընդունիր ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ Ճան Քերրիի ըրած յայտարարութիւնը։

«ԱՄՆ պետքարտուղար Ճան Քերրիի յայտարարութիւնը, թէ առաջնորդները պատրաստ չեն ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման, կը զարմացնէ եւ կը վշտացնէ մեզ»,– ըսաւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ, արտաքին կապերու բաժնի պետ Նովրուզ Մամետովը։

Մամետովը ըսաւ, որ ԱՄՆ–ի ընտրութիւններու շեմին իր լիազօրութիւններու աւարտին մօտեցող պետքարտուղարի կողմէ նման յայտարարութիւն զարմանք կ′առաջացնէ։

«Մենք կը ցանկայինք, որ ԱՄՆ–ը պարզաբանէր Ճան Քերրիի յայտարարութիւնը այնպէս, որ իւրաքանչիւրը այն հասկանար»,– ըսաւ Մամետովը։

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ պետքարտուղար Ճան Քերրին յայտարարած էր, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդները պատրաստ չեն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment